Փտածութեան Գայթակղութեան Հարց. Պաղըշ Ու Այլ Թուրք Նախարարներ Կրնան Զրկուիլ Անձեռնմխելիութենէն

Էկեմեն Պաղըշ
Թրքական «Զաման» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թուրք երկու նախարարներու, ներառեալ` Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով պետական նախարար Էկեմեն Պաղըշի դէմ կրնայ փտածութեան գայթակղութեան հարցով մեղադրանք ներկայացուիլ: Տեղեկութիւններ տարածուած են, որ նախարարը 1.5 միլիոն տոլար կաշառք ստացած է գործարար Ռըզա Զերրապէն:
Այլ գործի ծիրին մէջ կը նշուի, որ նշեալ գործարարը անօրինական ճամբով Ղանայէն 1.5 թոն ոսկի ներածած է Թուրքիա` «Հալտ Պանք»-ի միջոցով:
Կը հաղորդուի, որ գործարքի կայացման միջնորդած է Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարար Զաֆեր Չաղլայանը: Վերջինս կը մեղադրուի 106 միլիոն թրքական լիրա (53 միլիոն տոլար) կաշառք ստանալու յանցանքով:
Թուրքիոյ գլխաւոր դատախազութիւնը արդէն կը քննարկէ չորս նախարարներ` ներքին գործոց նախարար Մուամմեր Կիւլերը, տնտեսութեան նախարար Զաֆեր Չաղլայանը, Եւրոպական Միութեան հարցերով նախարար Էկեմեն Պաղըշը եւ կենսոլորտի նախարար Էրտողան Պայրաքտարը անձեռնմխելիութենէ զրկելու հարցը:
Ոստիկանութեան Բաժանմունքներու
14 Ղեկավարներ Կը Պաշտօնազրկուին
«Հիւրրիյէթ» օրաթերթի կայքէջը հաղորդեց, որ երէկ թրքական ոստիկանութեան բաժանմունքներու 14 ղեկավարներ պաշտօնազրկուած են: Մէկ օր առաջ Պոլսոյ ոստիկանապետն ու 18 այլ բարձրաստիճան ոստիկաններ պաշտօնազրկուած էին: Ընդհանուր դատախազի գրասենեակին կողմէ հետաքննութիւն կատարելու հրաման ստացած Պոլսոյ եւ Անգարայի ոստիկանութեան բաժանմունքներէն 29 բարձրաստիճան ոստիկաններ պաշտօնազրկուած էին եւ նոյն հետաքննութեան համար երկու նոր դատախազներ նշանակուած էին:
Ոստիկանական իշխանութիւնները պաշտօնազրկուած ոստիկաններուն փոխարէն նոր անձեր նշանակած են: Փոփոխութիւններ կատարուած են նաեւ Ահաբեկչութեան բաժանմունքին եւ Մաքսանենգութեան ու կազմակերպուած ոճիրներու բաժանմունքին մէջ:
Այս քայլերը որդեգրուած են թրքական կառավարութեան կողմէ վարչակազմին մօտիկ անձնաւորութիւններ թիրախ դարձնող հետաքննութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ:
Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ
Փտածութեան Հետաքննութիւնը
«Թափանցիկ Կերպով» Կատարելու
Եւրոպական Միութիւնը թրքական իշխանութեանց կոչ ուղղեց փտածութեան գայթակղութեան հարցը «անկողմնակալ կերպով» հետաքննելու:
Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ դրացնութեան հարցով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէի բանբեր Փիթըր Սթանօ յայտնեց, որ այդ զարգացումները «բնականաբար մեր ուշադրութիւնը գրաւած են, եւ անոնց մօտէն կը հետեւինք»:
«Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սթանօ յայտնած է, որ «(Եւրոպական) յանձնաժողովը արդարադատական հոլովոյթին մէջ անկախութիւնը եւ անկողմնակալութիւնը երաշխաւորելու կարիքը կ՛ընդգծէ»: Ան աւելցուց, որ յանձնաժողովը նկատի առած է հետաքննութեան չմիջամտելու եւ արդարադատութեան կողքին կանգնելու կառավարութեան խոստումը, ինչպէս նաեւ ընդգծած է ամբաստանութիւնները անկողմնակալ կերպով հետաքննելու առնչակից իշխանութեանց պատասխանատուութիւնը:
Ռիքարտոնէ. «Թափանցիկութիւնը
Ժողովրդավարութեանց Մէջ Կենսական Է»
Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ֆրանսիս Ռիքարտոնէ յայտնեց, որ թափանցիկութիւնը ժողովրդավարութեանց մէջ կենսական է, եւ իր երկիրը մօտէն կը հետեւի Թուրքիան ցնցած փտածութեան մեծ հետաքննութեան:
Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու դեսպանին հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ հետաքննութիւնը պէտք է բոլոր իրողութիւնները բացայայտէ:
Նշենք, որ երկիրը ցնցած հետաքննութեան ազդեցութեան տակ, թրքական լիրան երէկ մրցանշային անկում մը կրեց` տոլարին դիմաց արձանագրելով 2.0934, փոխան հինգշաբթի երեկոյեան արձանագրուած 2.0780-ին:

