Փեթրիաշվիլի. «Եւրոպական Միութեան Հետ Ընկերակցութեան Համաձայնագիրը Պիտի Ստորագրուի Ամէնէն Ուշը 2014-ի Սեպտեմբերին»

Ալեքսի Փեթրիաշվիլի
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Վրաստանի համարկման հարցերով պետական նախարար Ալեքսի Փեթրիաշվիլի յայտարարած է, որ Վրաստանը Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիր պիտի ստորագրէ ամէնէն ուշը 2014-ի սեպտեմբերին:
Ան նշած է, որ համաձայնագիրի ստորագրումէն քանի մը ամիս ետք փաստաթուղթի դրոյթներուն մեծ մասը ուժի մէջ պիտի մտնէ:
«Փաստաթուղթը կը նախատեսէ Եւրոպական Միութեան հետ քաղաքական ընկերակցութիւն, տնտեսական աստիճանական համարկում եւ անդառնալի կը դարձնէ Վրաստանի եւրոպականացման հոլովոյթը», ըսած է Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Մայա Փանճիքիծէ:
Հերման Վան Ռոմփէյ. «Վրաստանի Եւ
Մոլտաւիոյ Հետ Համաձայնագիրը`
Ամէնէն Ուշը Մինչեւ 2014 Օգոստոս»
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Հերման Վան Ռոմփէյ յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է արագացնելու Վրաստանի եւ Մոլտաւիոյ մերձեցման հոլովոյթը:
«Մենք պատրաստ ենք արագացնելու աշխատանքը` 2014-ի օգոստոսը որոշելով իբրեւ վերջնական ժամկէտ Վրաստանի եւ Մոլտաւիոյ հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիր կնքելու համար», ընդգծած է ան:
«Մենք կ՛աջակցինք Վրաստանի եւ Մոլտաւիոյ ժողովուրդներու ժողովրդավարական ընտրութեան», աւելցուցած է Վան Ռոմփէյ:

