Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՌՈՒՄԻԷԻ բանտի դատարանին մէջ դատական ատեանի խորհուրդը, նախագահութեամբ դատաւոր Ժան Ֆահտի, երէկ ամբողջացուց Նահր Պարետի դէպքերու թղթածրարին առնչուող վերջին տասը դատերու քննարկումներն ու հարցաքննութիւնները:
ՁԵՌՆԱՌՈՒՄԲ մը պայթեցաւ երէկ պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ` առանց մարդկային զոհեր պատճառելու:
ԵՐԷԿ ուշ երեկոյեան վերաբացուեցաւ Աքքարի Մնիէ շրջանի ճամբան, զոր տեղացիները փակած էին` իբրեւ բողոք իրենց զաւակներու արգելափակման դէմ: Անոնք հանդարտեցան այն ժամանակ միայն, երբ պատկան կողմերէն իրենց զաւակները երէկ կէս գիշերին ազատ արձակելու գծով խոստում ստացան: Միւս կողմէ, սաստիկ կրակոցներ լսուեցան երէկ երեկոյեան Պապ Թըպպանէի Պազար թաղամասին մէջ` իբրեւ բողոք լիբանանեան բանակին կողմէ Պիլալ Մութլեժի ձերբակալման դէմ:
ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ տօնական օրերու սեմին շնորհաւորական այցելութիւններ ընդունեց Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլիէն եւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պատասխանատուներէն Միլոշ Շթրոկըրէն: Այս առիթով Շթրոկըր յայտնեց, թէ Միքաթիի փոխանցած է հարաւային Լիբանանի յատկապէս ապահովական վիճակի զարգացումները, եւ նկատել տուաւ, որ կացութիւնը բնականոն դարձած է ապահովական վերջին միջադէպէն ետք:
ԵՐԷԿ երեկոյեան անձնական միջադէպի մը պատճառով զինարձակումներ լսուած են Ժապալ Մըհսենի մէջ` վախի մթնոլորտ ստեղծելով ու պատճառելով մէկ վիրաւոր:

