Պատրիարք Ռայիի Տուած Շնորհաւորական Այցելութեան Առիթով. Շարպել Կոչ Ուղղեց Քրիստոնեաները Տունդարձի Մղելու
Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել տօնական օրերուն առիթով Պքերքէ կատարած իր շնորհաւորական այցելութեամբ Մարոնիներու Ռայի պատրիարքին հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր իրավիճակը, յատկապէս` լիբանանցի քրիստոնեաներու թիւի նուազումին լոյսին տակ: Ան կոչ ուղղեց արտասահման գաղթած քրիստոնեայ լիբանանցիները համոզելու եւ զանոնք մղելու հայրենադարձութեան` նշելով, որ լիբանանեան միւս համայնքները յաջող քայլեր կ՛առնեն այս ուղղութեամբ: «Մինչդեռ մենք արտասահմանի մէջ կը քաջալերենք զիրենք, որ հաստատուին ու արտերկրի ինքնութիւն ստանան», ընդգծեց Շարպել` իր մտահոգութիւնը յայտնելով Լիբանանի մէջ քրիստոնեաներու թիւին աստիճանական նուազումին առնչութեամբ: «նախապէս քրիստոնեաները երկրին մեծամասնութիւնն էին, մինչ հիմա անոնք իրենց նախկին քանակին հազիւ քառորդը կը կազմեն», շեշտեց Շարպել:

