Սլէյմանի Եւ Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքին Միջեւ Մօտալուտ Հանդիպո՞ւմ
Կը նախատեսուի, որ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը մօտերս այցելէ Պաապտայի պալատ եւ հանդիպում մը ունենայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ:
Ըստ լիբանանեան արաբատառ «Լեպանոն Ֆայլզ» կայքէջին, այս հանդիպումին հաւանականութիւնը կու գայ այն լարուածութենէն ետք, որ վերջերս ակներեւ է` այն տարակարծութեան լոյսին տակ, որ ծագեցաւ կարգ մը ներքին հարցերու եւ Սուրիոյ դէպքերուն մէջ Հըզպալլայի միջամտութեան պատճառով:
CATEGORIES Լիբանանեան

