Կոչ Ուղղելով Խուսափելու Կատարուած Իրողութեան Կառավարութեան Կազմութենէն` «Լիբանանցիք Կը Գտնուին Պատմական Առիթի Մը Առջեւ» Յայտարարեց Սէյիտ Նասրալլա

Nasrallah«Լիբանանցիք կը գտնուին պատմական առիթի մը դէմ յանդիման` նախագահական ընտրութեան գծով», յայտարարեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա, երէկ յետմիջօրէին Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ կազմակերպուած հաւաքին ընթացքին` մերժելով այս գծով սահմանադրական դատարկութեան յառաջացումը:

Կոչ ուղղելով խուսափելու կատարուած իրողութեան կառավարութիւն մը կազմելէ` Նասրալլա ընդգծեց, որ (լիբանանեան) բանակին դէմ կարելի չէ կասկածիլ եւ անհրաժեշտ է զայն պաշտպանել ու հեռու պահել վտանգէ: Նախագահական ընտրութեան գծով ան առաջարկեց «ճամբու քարտէս» մը պատրաստել:

Հըզպալլայի ապահովական պատասխանատուներէն Հասսան Լաքքիսի սպանութեան յիշատակին տեղի ունեցած այս հաւաքին ընթացքին Նասրալլա վերահաստատեց, որ ան (Լաքքիս) սպաննուած է Իսրայէլի կողմէ: Ան իր այս հաստատումը վերագրեց Իսրայէլի կողմէ մէկէ աւելի առիթներով «ուղեղներու պատերազմ»-ի մասին կատարուած ակնարկին` ընդգծելով, որ «մենք տակաւին առկախ հաշիւ ունինք լուծելիք Իսրայէլի հետ եւ մեր հաշիւը չէ փակուած»:

Անդրադառնալով Սուրիոյ տագնապին` Նասրալլա յայտնեց, որ անիկա նաեւ Լիբանանի գոյութեան պայքար է, ինչպէս որ Սուրիոյ եւ պաղեստինեան դատին գոյատեւման հարցն է, եւ այս համոզումը անխախտ է: Նասրալլա կոչ ուղղեց հաշտութեան առիթ մը ընձեռելու` վերահաստատելով Հըզպալլայի միջամտութեան անհրաժեշտութիւնը Սուրիոյ դէպքերուն:

Share this Article
CATEGORIES