Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի Յանձնախումբը Ազրպէյճանական Նախայարձակումին Գծով Մինսքի Խմբակի Արձագանգը Կը Նկատէ Ուշացած

ANCA-news_Costa_Schiff_ShermanՄիացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է, որ հակառակ Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսականներուն աճող անհանգստութեան եւ Ազրպէյճանի յարձակողական կեցուածքը քննադատող յայտարարութիւններուն` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի պատասխանը ուշացած էր եւ ոչ հասցէական:

Հաղորդագրութեան համաձայն, նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմին եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն արձագանգը ուշացած էր, խուլ էր եւ ոչ հասցէական` սահմանափակուած «խաղաղութեան հեռանկարները խարխլող» սահմանային բռնութեան մասին ընդհանուր յղումներով:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսականները կը շարունակեն ահազանգել եւ իրենց մտահոգութիւնը յայտնել բոլորովին վերջերս Ազրպէյճանի կողմէ զինադադարի խախտման եւ հայկական զինուժի վրայ յարձակման ուղղութեամբ, որուն պատճառով սպաննուած է հայ զինուոր Հրանդ Պօղոսեան:

«Մեր վարչակազմը, որ նաեւ կը համանախագահէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին, պէտք է աւելի խիստ ըլլայ Հրանդ Պօղոսեանի սպանութեան դատապարտման հարցով եւ պարտաւոր է խախտել հաւասարութիւնը պահպանելու ձեւականութիւնը», նշեց Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբի տնօրէն Արամ Համբարեան:

14 դեկտեմբերին հակառակորդի կրակոցէն զոհուած է պայմանագրային զինուոր, շարքային Հրանդ Սերիոժա Պօղոսեան: Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆ, Պրետ Շերման եւ Ճիք Քոսթա դատապարտեցին շփման գիծին վրայ ազրպէյճանական զինուժին կողմէ զինադադարի խախտումը եւ հայ զինուոր Հրանդ Պօղոսեանի սպանութիւնը` ատիկա նկատելով Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ Ռամիլ Սաֆարովի հերոսացման շարունակութիւն: Մինսքի խմբակի համանախագահները 19 դեկտեմբերի իրենց յայտարարութեան մէջ միայն նշած էին հետեւեալը. «Համանախագահները նշած են, որ սահմանին վրայ զինադադարի վերջին խախտումները կը խարխլեն խաղաղութեան հեռանկարը: Անոնք կողմերուն կոչ ուղղած են զերծ մնալու հետագայ այնպիսի գործողութիւններէ, որոնք կրնան լարուածութիւնը աւելցնել, եւ աշխատիլ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ յառաջընթաց ապահովելու մթնոլորտի ստեղծման ուղղութեամբ»:

 

Share this Article
CATEGORIES