«Թուրքիոյ Համար Հայկական Հարցը Լուծուեցաւ» Կը Յայտարարէ Փերինչեք

Տողու Փերինչեք
Թուրք աշխատաւորներու կուսակցութեան ղեկավար Տողու Փերինչեք Մարդկային իրաւանց Եւրոպական դատարանի որոշումէն ետք յայտարարութիւն հրապարակած է` պնդելով, որ Թուրքիոյ համար հայկական հարց գոյութիւն չունի` անիկա լուծուած է:
Թրքական «Այտընլիք» օրաթերթին մէջ տեղ գտած Փերինչեքի յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ բոլոր խնդիրներուն լուծման բարձրագոյն կէտը դատական համակարգն է, եւ այդ համակարգին մէջ լուծում ստանալէ ետք կը մնայ միայն այդ լուծումը կիրարկել:
«Երբ կ՛ուզէինք դիմել Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարան, թրքական իշխանութիւններն ու ընդդիմութեան կարեւոր դէմքերը կը համոզէին այդ քայլը չկատարել` Թուրքիոյ համար լրացուցիչ խնդիրներ չստեղծելու համար: Սակայն մենք խօսք տուինք մեր ազգին, որ Հայկական հարցը պիտի լուծենք: Արդէն Թուրքիոյ համար Հայկական հարց չկայ, անիկա լուծուեցաւ», ըսած է Փերինչեք` շեշտելով, որ Հայկական հարցը լուծուած է ճիշդ ռազմավարութեան, ճիշդ քաղաքականութեան, ճիշդ պայքարի եւ ազգի հզօրութեամբ:
Յիշեցնենք, որ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը բաւարարած էր Թուրք աշխատաւորներու կուսակցութեան ղեկավար Տողու Փերինչեքի հայցը ընդդէմ Զուիցերիոյ: Դատարանը Փերինչեքի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը դիտարկած էր խօսքի ազատութեան ծիրին մէջ:
Նախապէս, զուիցերիական դատարանը Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելու համար դատապարտած էր Տողու Փերինչեքը:

