Բողոքի Ցոյցեր` Կազին Վերաբերող Համաձայնագիրներուն Դէմ

Ցոյցերէն պահ մը
Երէկ կէսօրին, Ազգային ժողովին դիմաց, Ռուսիոյ հետ ստորագրուելիք կազի համաձայնագիրին դէմ բողոքի ցոյց կատարող շուրջ 100 գործիչները իրենց ձայնը լսելի դարձնելու համար քանի մը վայրկեանով փակեցին Բաղրամեան պողոտան:
Կարճ ժամանակ ետք յայտնուեցան ոստիկանութեան լրացուցիչ ուժերը, որոնք ուժի գործադրումով բացին պողոտան: Քաղաքացիական հասարակութեան գործիչները սկսան «Ինքնիշխան Հայաստան» եւ «Որոշողը մենք ենք» վանկարկել:
Ասոր պատճառով մօտ 10 գործիչներու բռնութեամբ նստեցուցին ոստիկանական ինքնաշարժներու մէջ: Զանոնք այնտեղ պահեցին մօտ կէս ժամ, որմէ ետք ազատ արձակեցին:
Երթեւեկը վերականգնելէ ետք ոստիկանները ցուցարարները հրելով տեղափոխեցին դէպի մայթ, ուր օղակ կազմեցին: Նոյնիսկ լրագրողներուն թոյլ չէր տրուեր այդ օղակէն դուրս գալ, մինչդեռ ոստիկանները այսպիսի վարքագիծի անհրաժեշտութիւնը չէին բացատրեր:
Աւելի ուշ, Երեւանի փոխոստիկանապետը հրամայեց ոստիկաններուն բանալ մայթը: Հասարակական գործիչ Վարդգէս Գասպարին բերման ենթարկուեցաւ, որովհետեւ, ըստ փոխոստիկանապետին, ան կարգը խախտեց:
Իրաւապաշտպան Արգիշտի Կիվիրեան յայտնեց, որ իրենք կը պայքարին, որովհետեւ կազի վերաբերեալ համաձայնագիրները կը սպառնան Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ կը սպասարկեն միայն ռուսական կողմի շահերուն: Ըստ անոր, այս համաձայնագիրները կարելի է կոչել ստրկական համաձայնագիրներ Հայաստանի Հանրապետութեան համար: Ըստ այդ համաձայնագիրին, Հայաստանի մէջ կազի գործունէութիւնը ծաւալող միակ ընկերութիւնը 30 տարիով կը դառնայ «Կազփրոմ»-ը:
Նախագահի նախկին թեկնածու Անդրէաս Ղուկասեան ընդգծեց, որ եթէ այս համաձայնագիրները վաւերացուին, ապա անոր դէմ քուէարկած խմբակցութիւնները պէտք է աւելի լուրջ քայլերու ձեռնարկեն:
Յայտնենք, որ Ազգային ժողովի իրիկնային նիստի ժամանակ ալ ցուցարարներ նոյն նպատակով համախմբուեցան խորհրդարանի շէնքին առջեւ:

