Արտակարգ Նիստ Ազգային Ժողովին Մէջ. ՀՅ Դաշնակցութիւնը Դէմ Պիտի Քուէարկէ Կազի Համաձայնագիրին

ՀՅԴ պատգամաւորական խմբակցութիւնը
Հայաստանի կառավարութեան առաջարկով` Ազգային ժողովը երէկ արտակարգ նիստ գումարեց: Քննարկուեցաւ 2 դեկտեմբերին Երեւանի մէջ ստորագրուած «Հայաստանի կառավարութեան եւ Ռուսիոյ կառավարութեան միջեւ «ՀայՌուսկազարդ» փակ բաժնետիրական ընկերութեան բաժնետոմսերու առքուվաճառքի եւ հետագայ գործունէութեան պայմաններու մասին» համաձայնագիրը:
Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն մեծամասնութիւնը դէմ քուէարկեց Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի` մինչեւ ժամը 20:00 4 նիստեր գումարելու առաջարկին:
Վարման կարգով ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան, որ յայտնեց, թէ իրենց ներկայացուած որոշման նախագիծը չկայ, ուստի անհասկնալի է, թէ Ազգային ժողովը ինչ բան կը դնէ քուէարկութեան:
Յովիկ Աբրահամեան յայտնեց, որ քարտուղարութիւնը կ՛ըսէ, որ կայքէջին վրայ օրակարգը տեղադրուած է, իսկ ինքը ընդամէնը կ՛առաջարկէ առանց ընդմիջման աշխատանք: Կառավարութեան առաջարկով հրաւիրուած արտակարգ նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ տարբեր օրէնքներու մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու հարցը:
Օրէնքի նախագիծերը կը վերաբերին Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ քանի մը միջազգային համաձայնագիրներու վաւերացման: Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան, որ իր հարցերը կ՛ուղղէր Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Արմէն Մովսիսեանին, խորհուրդ տուաւ նախարարին հարցերը անպայման գրել, քանի որ անոնք շատ են:
Դաշնակցական պատգամաւորը նախարարին հարցուց, թէ ո՞վ նախաձեռնած է այս համաձայնագիրին, ո՞ր ժամանակէն ի վեր բանակցութիւնը կ՛ընթանայ: Պատգամաւորը ուզեց իմանալ նաեւ, թէ Հայաստանի Սահմանադրութեան ո՞ր կէտին հիման վրայ Մովսիսեանի գլխաւորած նախարարութիւնը «ՀայՌուսկազարդի» գոյքը ծախած է, ինչպէս նաեւ` ինչո՞ւ որոշում տրուած է ուղղակի վաճառելու, ինչպէ՞ս որոշուած է գինը եւ ի՞նչ պիտի ըլլայ գոյքին ճակատագիրը:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ Հայաստանի սահմանադրութեան ո՞ր կէտին հիման վրայ Մովսիսեանի գլխաւորած նախարարութիւնը «ՀայՌուսկազարդի» գոյքը ծախած է, Մովսիսեան յայտնեց, որ գործած է կառավարութեան յանձնարարութեամբ:
«Կրնամ ձեզի ցոյց տալ բանակցային հոլովոյթին վերաբերեալ թուղթերը, որպէսզի ծանօթանաք: Շուկայական գինը շատ աւելի նուազ է, քան ձեռք բերուած համաձայնութիւնը», ըսաւ նախարարը: Ան աւելցուց, որ վաճառքի համար կրնար ըլլալ այլ տարբերակ մը` յայտարարել վաճառքի մասին եւ սպասել, թէ ե՛րբ գնող պիտի գտնուի:
Պատգամաւորներու ելոյթներէն նկատելի էր, որ անոնք տակաւին դժգոհ են կառավարութենէն եւ նոյնիսկ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան պատգամաւորները մեղմ ձեւով կը քննադատէին կառավարութիւնը` ի դէմս Ազգային ժողովին մէջ այս աղմկայարոյց համաձայնագիրը ներկայացնող ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Արմէն Մովսիսեանին:
«Ոչ մէկ իշխանութիւն կը հասկնայ, որ եթէ դուն քու ժողովուրդդ կը նուաստացնես երկրին մէջ, կը ստորացնես, ապա քեզի ալ դուրսը կը նուաստացնեն», հարցի քննարկման ժամանակ իր ելոյթին մէջ յայտարարեց ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան:
Ըստ Ռուստամեանի, միշտ ալ այդպէս է` ուժեղէն ուժեղը կայ, հզօրէն ալ հզօրը:
Ան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը դէմ պիտի քուէարկէ համաձայնագիրին եւ միացաւ իր գործընկերներուն, որոնք կը պահանջեն համաձայնագիրը յետս կոչել խորհրդարանէն:

