Ստորագրուեցաւ Պաշտպանութեան Նախարարութեան Եւ ԵԱՀԿ-ի Միջեւ Համագործակցութեան 2014-Ի Ծրագիրը

MinՊաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ ԵԱՀԿ-ի երեւանեան գրասենեակին միջեւ 2013 թուականի համագործակցութեան ծրագիրի ամփոփումը:

Իրենց խօսքերուն մէջ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան եւ ԵԱՀԿ-ի երեւանեան գրասենեակի ղեկավար, դեսպան Անտրէյ Սորոքին գերազանց գնահատեցին կատարուած աշխատանքները` նշելով, որ համագործակցութիւնը մեծապէս նպաստած է զինեալ ուժերուն մէջ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան, ժողովրդավարական արժէքներու ամրապնդման եւ լաւ կառավարման ուղղութեամբ իրականացուող բարեփոխումներու հաստատութենականացման:

Ամփոփումէն ետք Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը եւ ԵԱՀԿ-ի երեւանեան գրասենեակի ղեկավարը ստորագրեցին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ ԵԱՀԿ-ի երեւանեան գրասենեակին միջեւ համագործակցութեան 2014 թուականի ծրագիրը:պա անոր դէմ քուէարկած խմբակցութիւնները պէտք է աւելի լուրջ քայլերու ձեռնարկեն:

Share this Article
CATEGORIES