Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Եթէ կը զգաք, թէ աշխատանքի մէջ ոմանք կը չարաշահեն ձեր ազնուութիւնը, անոնց հասկցուցէք, թէ չէք սիրեր նման կեղծիք: Ըսէք քաղաքավարութեամբ:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Մէկը իր սէրը կամ համակրանքը պիտի արտայայտէ ձեզի, որուն դիմաց անտարբեր պիտի չմնաք: Օրը ունի հաճելի այլ նորութիւններ: Ուրախացէք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր ընտանիքին մէջ մնացէք հանդուրժող` տիրող նոր որոշումներու վերաբերեալ: Գիտցէք, որ ընտանիքին տէրը միայն դուք չէք, լսեցէք նաեւ միւս անդամներուն տեսակէտը:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Այն խեցգետինները, որոնք սէրը ունին ընթերցանութեան կամ արուեստի, պիտի կարենան իրագործել իրենց փափաքած ծրագիրը: Օրը յաջող պիտի անցնի:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Քիչ մը ճկուն եղէք այն անձերուն նկատմամբ, որոնց հետ կ՛աշխատիք կամ ընդհանրապէս կը յարաբերիք: Խստապահանջ ըլլալը երբեմն կը վնասէ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եղէք այնպէս, ինչպէս որ էք: Պիտի ըլլաք մասնաւորապէս դրական, գործօն եւ բաց սիրտ` ամէնուն նկատմամբ: Պիտի գնահատուիք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Օգտակար եղէք ձեզի մօտիկ անձի մը, որ կ՛ապրի դժուար պահեր: Ձեր օժանդակութիւնը կամ իրմով հետաքրքրուիլը փրկարար արդիւնք պիտի տայ:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Բարեկամ մը իր օժանդակութիւնը պիտի բերէ ձեր լուծելիք հարցերուն: Անոր ներկայութիւնը պիտի փարատէ ձեր մտահոգութիւնները:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ կասկածի տրամադրութիւն մը պաշարած է ձեր սիրտը, ձեզմէ հեռացուցէք սեւ, տխուր եւ ժխտական մտածումները: Լաւատես մնացէք միշտ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ստեղծագործելու տրամադրութիւն արծարծեցէք ձեր հոգեբանութեան մէջ: Ուժ տուէք երեւակայութեան` դրական հարցերու մասին մտածելով նոյն ատեն:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր մտածումները մի՛ կեդրոնացնէք մէկ հարցի վրայ, դարձուցէք էջը, պիտի կարենաք գտնել նոր ծրագիրներ սերտելու առիթներ: Կը յաջողիք:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ ձեր տրամադրութիւնը ժխտական է այսօր, պատճառը ուրիշներուն վրայ մի՛ ձգէք, այլ գտէք ձեր ներաշխարհին մէջ: Զուր տեղ յոռետես մի՛ ըլլաք:

Share this Article
CATEGORIES