50 Տարի Առաջ (23 Դեկտեմբեր 1963)

ՀՅ Դաշնակցութեան Օրուան Շքեղ
Տօնակատարութիւնը Պուրճ Համուտի Մէջ

Շաբաթ, 21 դեկտեմբեր 1963, երեկոյեան ժամը 9:30-ին, Պուրճ Համուտի «Գերմանիկ» ընդարձակ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան օրուան շքեղ տօնակատարութիւնը:

Սրահը լեցուն էր ծայրէ ծայր: Առաջին շարքերուն վրայ տեղ գրաւած էին ղեկավար ընկերներ:

Շատ տպաւորիչ էր լիբանանեան եւ եռագոյն դրօշակներով եզերուած յուշարձանը, որուն վրայ զետեղուած էին Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Ֆուատ Շեհապի եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան` Քրիստափորի, Ռոստոմի եւ Զաւարեանի մեծադիր նկարները:

Երկու սկաուտներ, աջին եւ ձախին, եռագոյն եւ լիբանանեան դրօշակներ բռնած` պատուոյ պահակ կեցած էին:

Եռագոյնով ծածկուած պատուոյ սեղանին վրայ դրուած էին Դաշնակցութեան զինանշանը եւ լիբանանեան ու եռագոյն փոքր դրօշակներ:

Տիգրան Ոսկունի, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 73-րդ տարեդարձին տօնակատարութիւնը բացուած յայտարարելէ ետք, յոտընկայս ունկնդրուեցան Պուրճ Համուտի ՀՄԸՄ-ի սկաուտներու նուագախումբին հնչեցուցած լիբանանեան եւ ՀՅ Դաշնակցութեան քայլերգները:

Ապա, Տ. Ոսկունի բեմ հրաւիրեց օրուան նախագահ տոքթ. Ե. Խաթանասեանը, որ ծափերու տարափին տակ բեմ բարձրացաւ եւ խօսեցաւ բովանդակալից ճառ մը:

Ընկ. Յակոբ Կիւլոյեան խոր ապրումով եւ մեծ յաջողութեամբ արտասանեց Խաչատուր Աբովեանի «Երեւանու բերդը»` երկարատեւ ծափեր խլելով:

Լեւոն Գաթրճեան մեներգեց «Հայաստան»-ը:

Բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան առաջին բանախօս Հրաչ Տասնապետեան, որ խօսեցաւ տպաւորիչ ճառ մը:

Միսաք Ապաճեան տպաւորիչ շեշտով արտասանեց Պարոյր Սեւակի «Մենք կանք, պիտի լինենք»-ը բուռն ծափերու արժանանալով:

Լեւոն Գաթրճեան ապրումով մեներգեց «Ալագեազ»-ը:

Երկրորդ բանախօսն էր Անդրանիկ Ուրֆալեան, որ խօսեցաւ ազգայնաշունչ ճառ մը:

Տօնակատարութիւնը փակելէ առաջ Տ. Ոսկունի շնորհակալութիւն յայտնեց բանախօսներուն եւ գեղարուեստական բաժնին իրենց մասնակցութիւնը բերողներուն եւ ներկաներուն:

Յոտնկայս, «Յառաջ-Նահատակ» խմբերգով վերջ գտաւ շքեղ տօնակատարութիւնը եւ ներկաները մեկնեցան լաւագոյն տպաւորութիւններով, աւելի եւս ամրացնելով իրենց հաւատքը հանդէպ ազատ ու անկախ Հայաստանի գաղափարաբանութեան միակ ջահակիր Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան:

 

Տոմսեր

Երբ Մեր «Ածուի»-ին Մէջ Չեն Ծաղկիր…

Էր երբեմն, հայ ժողովուրդը չորս աչքով կը հետեւէր օտար մամուլին կամ օտար գիրքերու, տեղեկանելու համար, թէ ո՛ր գրագէտը կամ յօդուածագիրը… իր մասին նպաստաւոր բան մը գրած է: Ու սրտերը ուրախութեամբ կը լուսաւորուէին, երբ մէկը յայտարարէր.

– Փարիզ «Թան»-ը հայերու մասին շա՜տ նպաստաւոր յօդուած մը գրած է: Ամէնուն ալ կարծիքով, այդ յօդուածը փաստ մըն է, որ ֆրանսական քաղաքականութիւնը սկսած է հայերուն ի նպաստ զարգանալ…

Երբ օտար գրագէտ մը գիրք մը գրած ըլլար մեր մասին, ուրախութիւնը կը բազմապատկուէ՜ր հատորին ծաւալով…

Այսօր, սակայն, փոխուա՜ծ են ժամանակները, եւ հայ ժողովուրդը, աչք ու ականջ կտրած, կը հետեւի օտար մամուլին կամ օտար գիրքերուն` տեսնելու համար պարզապէս, թէ… Ի՛Ր զաւակները ի՜նչ կը գրեն իր մասին:

Մեր օրերուն հայ ժողովուրդին համար ամէնէն դժուար բանը կը թուի ըլլալ… Ի՛Ր զաւակները ճանչնալու գործը: Անոնց անուններն իսկ դժուար կը կարդայ երբեմն:

Արդարեւ, խեղճ հայը ինչպէ՞ս հասկնայ, թէ միջազգային բեմերու աստղ մը` Սաչա Քաչոն, իր գիւղացի Մերկերի տղան` Սարգիս Խաչատուրեանն է: Կամ` ֆրանսերէնով գրող Վիքթոր Կարտոնը (որուն անունն իսկ տարբեր ուղղագրութիւններով կ՛երեւի թերթէ թերթ ու գրիչէ գրիչ), իրեն շա՜տ ծանօթ ու Վանի մէջ ատենօք թուրք կուսակալ մը ծեծած` Կաքաւ մեծ մայրիկին թո՜ռն է…

Այսպէ՜ս կարծեն թէ այնպէս ենթադրեն, Վիքթոր Կարտոն հայ է եւ ծնած է Վան:

Մենք, հայ ժողովուրդ, չենք ճանչնար զինք, հակառակ անոր որ «վերջին յիսուն տարիներու հայ կեանքէն չորս վէպեր գրած է»:

– Շատ կը ցաւիմ,- կը գրէ գրախօս Ստեփան Շահպազ, որ վերջերս միայն ծանօթացած եմ այդ հոյակապ երկերուն: Կ՛անգիտանայի հեղինակին գոյութիւնն անգամ: Վիշտը ինծի համար է:

Ո՜ր հայուն համար վիշտ չէ:

Մեր զաւա՜կն է, վանեցի՜ է, Կաքաւ մեծ մայրիկին թոռը, որ վերջին յիսուն տարիներու մեր կեանքը ուսումնասիրեր է, եւ որուն գործերուն, սակայն, մենք մնացեր ենք… «պեխապե՜ր»:

Ինչո՞ւ: Որովհետեւ ֆրանսերէնով գրած է մեր կեանքի մասին, առանց մեզի լո՜ւր տալու…

Ի՜նչ պիտի ըսէր արդեօք Կաքաւ մեծ մայրիկը: Հանգիստ կը հանգչի՞ հայրենի օրհնեալ հողին տակ` իր… օրհնեալ ձեռքերով:

ԳԻՍԱՒՈՐ

 

Share this Article
CATEGORIES