Մաստագէտներ Կը Պատասխանեն. «Իմ Ոսկեձկնիկս Գիտէ՞, Թէ Ով Եմ Ես»

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

985goldԻՆՉՈ՞Ւ ԿՈՒ ԼԱՆՔ, Ի՞ՆՉ ԳԻՏԵՆՔ, ԹԷ ԱՅՍ ՊԱՀՈՒՍ ՉԵՆՔ ԵՐԱԶԵՐ, Ո՞ՒՐ Կ՛ԱՒԱՐՏԻ ՏԻԵԶԵՐՔԸ, Ի՞ՆՉ ԲԱՆԻ ԿԸ ԾԱՌԱՅԵՆ ԳԻՐՔԵՐԸ… ՄԱՐԻԱ ՓՈՓՈՎԱՅԻ «ՊՐԷՅՆՓԻՔԻՆԿԶ» ԿԱՅՔԷՆ ԻՄԱՍՏԱԼԻՑ ԵՒ ԳՈՂՏՐԻԿ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ` ԵՐԵՒՈՒԹԱՊԷՍ ՊԱՐԶ, ՍԱԿԱՅՆ ԽՈՐԱԽՈՐՀՈՒՐԴ ՆՄԱՆ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ:

Անցեալ տարի գրեցի հաճելի գիրքի մը մասին, որուն վերնագիրն էր` «Պիկ քուեսչընզ ֆրամ լիթըլ փիփըլ էնտ սիմփըլ էնսըրզ ֆրամ կրէյթ մայնտծ» (մեծ հարցումներ փոքրիկ անձերէ եւ պարզ պատասխաններ իմաստուն անձերէ): Այսօրուան մեծագոյն գիտնականներէն, գրագէտներէն եւ փիլիսոփաներէն ոմանք կը պատասխանէին մանուկներու երեւութապէս պարզ, սակայն խորհախորհուրդ հարցումներուն: Գիրքը պիտի դառնար 2012-ի լաւագոյն եւ ընթերցողներու նախասիրած հրատարակութիւններէն մէկը: Քանի մը ամիս ետք անոր խմբագիրը` Կեմմա Էլուին Հարիս, որ յղացած էր զայն կազմելու գաղափարը, զիս հրաւիրեց մասնակցելու գիրքին 2013-ի նոր հրատարակութեան` խնդրելով պատասխանել հետաքրքիր մանուկի մը կողմէ դրուած պարագայական հարցումի մը: Բնականաբար խանդավառ էի եւ պատիւ զգացի մաս կազմելով նման հաճելի ծրագիրի մը, որուն վերնագիրը այս անգամ հարցում մըն էր. «Տա՞զ մայ կոլտֆիշ նօ հու այ եմ» (իմ ոսկեձկնիկս գիտէ՞, թէ ով եմ ես): Գիրքը կը մէկտեղէ նախակրթարանի տարիքի մանուկներու զուարճալի, դիպուկ, անմեղ, սակայն միաժամանակ խորաթափանց հարցումները` գիտութեան մասին, ինչպէս նաեւ` ընդհանրապէս կեանքի գործընթացին:

Պատասխաններ տուած են անուանի դէմքեր, ինչպէս` ռոք երաժշտութեան աստղերէն բնագէտ Պրայըն Քոքս, բնութենապաշտ ուսումնասիրող Տէյվիտ Աթենպըրօ, առասպելական մեծութիւն կերտած լեզուագէտ Նոամ Չոմսքի, գիտական նիւթերու մասին գրելու արտասովոր կարողութեամբ օժտուած Մերի Ռոչ, բեմի անմիջական անձնաւորութիւն Հանս Ռոսլինկ, «Պիթըլզ» խումբի երգիչ Փոլ ՄքՔարթնի, կենսաբան եւ որսի շուներու փրկութեան ծրագիրի ղեկավար Քերըն Ճէյմս, հռչակաւոր պատկերազարդող Քուեսնթին Պլէյք: Գիրքին հրաշալի պատկերազարդումը կը պատկանի Էնտի Սմիթի: Նախորդ հրատարակութեան պէս` անոր վաճառքէն գոյացած եկամուտին աւելի քան կէսը պիտի նուիրուի մանուկներու յատուկ բարեսիրական կազմակերպութեան մը:

985gold1

Ի՞նչ բանի կը ծառայէ գիտութիւնը, ինչո՞ւ սոխը կը լացնէ մեզ, արդեօք սարդը կրնա՞յ խօսիլ, ինչո՞ւ կը փռնգտանք: Նման հարցումներ մաս կը կազմեն 2012-ի հրատարակութեան:

Ինչո՞ւ Կու Լանք

Հոգեբան եւ պատկերասփիւռի յայտագիրներու հաղորդավար Քլոտիա Համոնտ, որ վերջերս գիտական ձեւով բացատրեց, թէ ինչո՞ւ ժամանակը դանդաղ կ՛անցնի, երբ կը վախնանք, արագ կ՛անցնի, երբ մեր տարիքը կը յառաջանայ եւ գլխիվայր կը դառնայ, երբ արձակուրդի կ՛երթանք, կը պատասխանէ մանուկներու կողմէ ամէնէն աւելի յաճախ դրուած հարցումի մը. ինչո՞ւ կու լանք:

«Բնական է լալը, երբ խռոված ենք: Մանչերը մինչեւ 12 տարեկան կու լան նոյնքան յաճախ, որքան` աղջիկները: Սակայն, եթէ մտածենք, քիչ մը տարօրինակ կը թուի, թէ ինչո՛ւ աղի ջուր մը պիտի հոսի մեր աչքերուն անկիւններէն, պարզապէս որովհետեւ տխուր ենք»:

«Մասնագէտ մը նկատած է, թէ մարդիկ յաճախ կարեւորութիւն չեն տար լալու պատճառով իրենց դէմքին ստացած ծամածուռ վիճակին եւ աւելի հանգիստ կը զգան` արցունք թափելէ ետք: Հետեւաբար ան կատարած է փորձարկութիւն մը. մասնակցողներուն թելադրած է շնչել նոր ջարդուած սոխով լեցուն խորունկ ամանի մը պարունակութիւնը: Անշուշտ զարմանալի չէ, որ անոնց աչքերը անմիջապէս արցունքով լեցուած են: Մասնագէտը հաւաքած է արցունքի կաթիլները եւ զանոնք պահած է սառցարանին մէջ: Ապա մասնակցողներէն խնդրած է դիտել շատ տխուր ժապաւէն մը` կրելով յատուկ ակնոցներ, որոնց տակ փոքրիկ դոյլեր կախուած էին. անոնց մէջ պիտի իյնային ակնդիրներուն արցունքի կաթիլները, երբ յուզուէին: Մասնակցողները յուզուած էին, սակայն ակնոցներուն տակ կախուած դոյլերը չէին յաջողած կատարել իրենց դերը, հետեւաբար ան արցունքները հաւաքած էր տարրալուծարանի փոքրիկ սրուակներու մէջ»:

«Մասնագէտը ի յայտ բերած էր, թէ տխրութեան պատճառով գոյացած արցունքի կաթիլները կը պարունակէին քիմիական յաւելեալ նիւթեր, որոնք գոյութիւն չունէին ջարդուած սոխի պատճառով գոյացած արցունքի կաթիլներու մէջ: Հետեւաբար ան մտածած է, թէ յուզուած վիճակի մէջ լալէ ետք կը հանգստանանք, որովհետեւ կը ձերբազատինք այս նիւթերէն, ինչ որ կը բացատրէ արցունք թափելու պատճառը»:

«Սակայն բոլոր մասնագէտները համաձայն չեն այս տեսութեան: Բազմաթիւ հոգեբաններ կը մտածեն, թէ կու լանք, որպէսզի այլոց հասկցնենք, թէ կարիքը ունինք իրենց կարեկցանքին եւ օգնութեան: Հետեւաբար լալը, պայմանաւ որ անկեղծ է, կը հանգստացնէ, որովհետեւ մարդիկ կը սկսին լաւ վերաբերմունք ցուցաբերել մեր նկատմամբ»:

«Իսկ ուրախութեան արցունքները աւելի խորհրդաւոր են, թէեւ բուռն զգացումները այստեղ եւս դերակատար են: Ուրախ ենք, թէ` տխուր, անոնք յայտնապէս նոյն գործընթացները կը ստեղծեն մեր մարմնին մէջ»:

985gold2

Ուղեղը Ինչպէ՞ս Մեծ Քանակութեամբ
Տեղեկութիւն Կ՛ամբարէ

Ճոշուա Ֆոր, որ բաւական բան գիտէ գերմարդկային յիշողութեան մասին, 9 տարեկան Թոմի կը բացատրէ, թէ ուղեղը ինչպէ՛ս կրնայ մեծ քանակութեամբ տեղեկութիւն ամբարել` հակառակ իր փոքր ծաւալին:

«Չափահասի մը ուղեղը կը կշռէ միայն 14 քկ, սակայն անիկա կազմուած է շուրջ 100 միլիառ մանրադիտակային ջղային բջիջներէ: Այս բջիջներէն իւրաքանչիւրը կը նմանի ճիւղաւորուող փոքրիկ ծառի մը, որուն ճիւղերը կ՛երկարին եւ կը հպին ջղային այլ բջիջներու: Իրօք, իւրաքանչիւր ջղային բջիջ կրնայ 5000-10000, նոյնիսկ աւելի կապեր հաստատել ջղային այլ բջիջներու հետ: Այսինքն աւելի քան 500 թրիլիոն կապեր կը հաստատուին: Յիշողութիւնը հիմնականին մէջ նման կապերով ստեղծուած պատկեր մըն է մեր ուղեղին մէջ»:

«Իւրաքանչիւր զգացում, որ կը յիշենք, իւրաքանչիւր մտածում, որ կ՛ունենանք, կը կերպարանափոխէ մեր ուղեղը` փոփոխութեան ենթարկելով կապերու այս հսկայական ցանցը ուղեղին մէջ: Երբ այս նախադասութիւնը արդէն կարդացիք եւ վերջացուցիք, ձեր ուղեղին մէջ արդէն ստեղծած պիտի ըլլաք նոր յիշողութիւն մը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ձեր ուղեղը ֆիզիքական փոփոխութեան ենթարկուած է»:

Ինչպէ՞ս Կարելի Է Վստահ Ըլլալ,
Թէ Կեանքը Երազ Մը Չէ

Խաբկանքի վարպետ Տերըն Պրաուն, որ նախապէս իր կշիռը ունեցած է դիւրահաւատութեան բացատրութիւնը գտնելու մէջ, «իրականութեան» ընկալումին սահմանները գծելով` կը պատասխանէ 5 տարեկան Էվիի այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կարելի է վստահ ըլլալ, թէ կեանքը պարզապէս երազ մը չէ:

«Յաճախ կը տեսնենք այնպիսի երազներ, որոնք այնքա՛ն իրական կը թուին, որ կրնանք հարց տալ, թէ արդեօք արթնութեան պահուն երազի՞ մէջ ենք: Կը թուի, թէ պայծառ ուղեղով արթուն ենք: Սակայն արդեօք նոյն զգացումը չե՞նք ապրիր նաեւ երազի մէջ: Ինչպէ՞ս կարելի է տարբերել երկու վիճակները: Թերեւս յանկարծ պիտի արթննանք եւ անդրադառնանք, թէ այս գիրքը չէինք կարդար, որովհետեւ անիկա գոյութիւն չունէր»:

«Գէթ կը գիտակցինք, թէ հաւանաբար մեր գոյութիւնը իրական է: Որովհետեւ, եթէ այս պահուս կ՛երազենք, ապա պէտք է տեղ մը գոյութիւն ունենայ մեր անձը, որ երազին մէջ կը տեսնէ ինքզինք: Սակայն աւելի գլխապտոյտ չպատճառելու համար ըսեմ հիմնական գաղափարը. շատ քիչ բան գիտենք այն բաներուն վերաբերեալ, զորս կը տեսնենք, կը լսենք կամ կը զգանք, իսկ այս բոլորը միայն մէկ փոքր մասը կը կազմեն մեր շրջապատին: Օրինակ, չենք կրնար տեսնել, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ քովի սենեակին մէջ կամ ուրիշի մը ուղեղին մէջ: Կրնանք միայն ենթադրել, թէ բան մը իրական է` մեկնելով անոր մասին մեր սահմանափակ տեղեկութենէն: Եւ յաճախ սխալ գաղափար մը կազմած կ՛ըլլանք: Հետեւաբար, թէեւ երազի մէջ չենք գտնուիր, սակայն կ՛արժէ նաեւ նկատի ունենալ, թէ շատ քիչ գաղափար ունինք իրականութեան մասին»:

«(Մինչ այդ տեղ մը կը զարգանայ այն վէճը, թէ այս պահուս մեր երազելու հաւանականութիւնը 10-ի վրայ 1 է)»:

Ինչո՞ւ Չենք Յիշեր Մեր Նորածին Վիճակը

Ջղագէտ Թալի Շարոթ, որ նախապէս ուսումնասիրած է, թէ ինչո՛ւ մեր ուղեղը լարուած է լաւատեսութեան հակումով, կը պատասխանէ 8 տարեկան Մայայի այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ չենք յիշեր մեր նորածին վիճակը:

«Մեր ուղեղը կը գործածենք յիշողութեան համար: Մեր կեանքին առաջին քանի մը տարիներուն մեր ուղեղը կ՛աճի եւ մեծ փոփոխութիւններու կ՛ենթարկուի մեր մարմնին պէս: Գիտնականներ կը մտածեն, թէ երբ մեր կեանքին առաջին ամիսներուն եւ տարիներուն մեր ուղեղին յիշողութեան անհրաժեշտ մասերը տակաւին ամբողջութեամբ չեն կազմուած, չենք կրնար նոյն ձեւով յիշել բաներ, ինչպէս կը յիշենք, երբ տարիքով աւելի մեծ ենք»:

«Նաեւ, երբ շատ փոքր ենք, խօսիլ չենք գիտեր: Ասիկա կը դժուարացնէ դէպքերը ուղեղին մէջ պահելը եւ աւելի ուշ` յիշելը, որովհետեւ լեզուն կը գործածենք յիշելու համար անցեալին պատահած դէպքերը»:

Թերթերը Ի՞նչ Կը Գրեն,
Երբ Լուր Չկայ

Գրագէտ եւ լրագրող Օլիվըր Պըրքմէն` հեղինակը «Տի էնթիտոթ. հեփինես ֆոր փիփըլ հու քան՛թ սթենտ փոզիթիւ թինքինկ» (հակաթոյնը. մարդիկ, որոնք չեն հանդուրժեր դրական մտածողութիւնը) գիրքին, կը պատասխանէ 8 տարեկան Հաննայի այն հարցումին, թէ օրաթերթերը ի՞նչ կը գրեն, երբ լուր չկայ: Ան կը կատարէ յատկանշական նախազգուշացում մը, զոր յաճախ կը մոռնանք մենք` չափահասներս:

«Իրականութեան մէջ օրաթերթերը լուր չեն փնտռեր: Անոնք կ՛որոշեն, թէ ի՛նչ բան կարելի է լուր նկատել: Նոյնը կարելի է ըսել պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի մասին: Կրնանք չբաժնել անոնց որոշումները: Օրինակ, յաճախ լրագրողներ կ՛ամբասատանուին գէշ լուրերու վրայ կեդրոնանալու եւ լաւ լուրերը անտեսելու իրենց հակամէտութեամբ, ներկայացնելով աշխարհի շատ աւելի վատ պատկեր մը, քան ինչ որ է»:

«Երբ լուրերը կը կարդանք կամ կը դիտենք, պէտք է ի մտի ունենաք, թէ մէկը որոշած է մեզի պատմել որոշ բաներ`  անտեսելով այլ բաներ: Ան աշխարհը կը ներկայացնէ որոշ դիտանկիւնէ մը, սակայն ոչ` միակ դիտանկիւնէն: Միշտ ալ գոյութիւն ունի պատմութեան միւս երեսը»:

985gold3

Ի՞նչ Է Գիտութեան Նպատակը

Նոպելեան մրցանակակիր Ճոն Կարտըն  գեղեցիկ բացատրութիւն մը կ՛աւելցնէ գիտութեան լաւագոյն սահմանումներուն վրայ` պատասխանելով 7 տարեկան Լուիզի այն հարցումին, թէ ի՞նչ է գիտութեան նպատակը:

«Գիտութիւնը տեւաբար յառաջդիմութիւն մէջ կը պահէ մարդկային կեանքի որակը»:

Տիեզերքը Վերջ Ունի՞

Պրայըն Քոքս, որ օժտուած է կեանքի խորհրդաւոր երեւոյթներուն վրայ լոյս սփռելու ձիրքով, կը պատասխանէ 6 տարեկան Ճոշի այն հարցումին, թէ արդեօք տիեզերքը վերջ ունի՞:

«Նոյնիսկ չենք գիտեր, թէ որքա՛ն մեծ է տիեզերքը: Կրնանք տեսնել տիեզերքին միայն փոքր մէկ մասը. այն մասը, ուր լոյսը հասնելու ժամանակ ունեցած է 13.8 միլիառ տարիներու ընթացքին, «Մեծ պայթում»-էն ետք: Իսկ ինչ որ կայ անկէ անդին, կարելի չէ տեսնել, պարզապէս որովհետեւ լոյսը այս մասերէն տակաւին չէ հասած մեզի»:

«Իսկ այն մասը, որ կը տեսնենք տիեզերքի մէջ, շատ մեծ է: Կը պարունակէ շուրջ 350 միլիառ հսկայական համաստեղութիւններ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը պարունակէ մինչեւ մէկ թրիլիոն արեւներ: Այս մասը, որ ծանօթ է իբրեւ տեսանելի տիեզերքը, 90 միլիառ լոյսի տարի հեռու է մեզմէ: Սակայն վստահ ենք, թէ տիեզերքը կը տարածուի շատ աւելի անդին: Հաւանաբար անսահմանօրէն մեծ է, այնքան մեծ, որ կարելի չէ երեւակայել»:

985gold4

Արհեստագիտութիւնը Միշտ Լա՞ւ Է

Երբ 11 տարեկան Անըր հարց կու տայ, թէ արդեօք նոր արհեստագիտութիւնը միշտ լա՞ւ է, Նոամ Չոմսքի կը պատասխանէ.

«Արհեստագիտութիւնը ըստ էութեան բաւական չէզոք է: Կը նմանի մուրճին, զոր կարելի է օգտագործել բնակարան մը կառուցելու համար, կամ` քանդելու ուրիշին բնակարանը: Մուրճին համար միեւնոյնն է: Գրեթէ միշտ մեզմէ կախեալ է որոշել` արհեստագիտութիւնը լա՞ւ բան մըն է, թէ՞ վատ»:

Անասունները Շեշտ Ունի՞ն

Հնչիւնաբանութեան դասախօս Ճոն Ուելս կը պատասխանէ 6 տարեկան Անճելինայի այն հարցումին, թէ արդեօք ոչխարներու եւ կովերու նման անասուններուն ձայնը շեշտ ունի՞:

985gold5

«Ի տարբերութիւն մարդ արարածին` անասունները լեզու չունին: Անոնք կ՛արտաբերեն ձայնաւոր արտայայտութիւններ. շուները կը հաջեն, կատուները կը մլաւեն, ոչխարները կը մայեն, կովերը կը բառաչեն, թռչունները կը ճռուողեն: Սակայն այս ձայները լեզու չեն, թէեւ կը ծառայեն իբրեւ հաղորդակցութեան միջոց»:

«Տարբեր տեսակի շուներ տարբեր ձեւով կը հաջեն, նոյնիսկ կարելի է ճանչնալ յատուկ շան մը հաջոցը, այնպէս` ինչպէս կրնանք ճանչնալ յատուկ անձի մը ձայնը: Սակայն շան մը հաջոցը կախեալ չէ անոր մեծցած միջավայրէն, բարեկամներէն կամ յաճախած դպրոցէն, որոնք գլխաւոր դերակատար են մեր լեզուական շեշտաւորումին կազմաւորման մէջ»:

«Գիտնականներ ի յայտ բերած են, թէ տարբեր ովկիանոսներու մէջ ապրող կէտեր տարբեր ձայներ ունին, իսկ կարգ մը տեսակի թռչուններու կանչերը կը տարբերին տեղէ տեղ: Հետեւաբար, հաւանաբար կրնանք ըսել, թէ կէտերն ու թռչունները ունին տեղական «շեշտեր» կամ «բարբառներ»: Սակայն ընտանի կովերն ու ոչխարները տարբեր են: Անոնց ապրած միջավայրը կ՛որոշեն զանոնք բուծանող մարդիկը»:

985gold6

Ինչո՞ւ Գիրքեր Կան

Իսկ իմ պատասխանս 9 տարեկան Օթիլի այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ գիրքեր կան, հետեւեալն է.

«Ոմանք պիտի ըսէին, թէ գիրքերը այլեւս անհրաժեշտ չեն, որովհետեւ ունինք համացանցը: Մի՛ հաւատաք անոնց: Գիրքերը կ՛օգնեն մեզի` ճանչնալու այլ մարդիկ, ճանչնալու աշխարհի գործընթացը եւ այս միջոցին աւելի խոր մակարդակի վրայ հասկնալու մենք մեզ, հետեւաբար արդէն կարեւոր չէ, թէ ի՛նչ միջոցով կը կարդանք, որովհետեւ կարդալը կ՛առնչուի մեր հետաքրքրութեան, պարկեշտութեան եւ ստեղծագործելու խանդավառութեան հետ»:

«Գիրքերը կամուրջներ կը ստեղծեն այլոց կեանքին հետ, անոնց պարունակած տիպարներուն հետ եւ անհամար այլ ընթերցողներու հետ, այլ երկիրներու մէջ եւ` այլ ժամանակներու: Այս ձեւով անոնք աւելի բարձր մակարդակի վրայ կը դնեն մեզ, նաեւ աւելի ամուր կերպով կը խարսխեն մեզ մեր կեանքին մէջ: Անոնք աստղադիտակի մը պէս կ՛օգնեն մեզի` դիտելու համար, թէ ի՛նչ կը կատարուի այլոց ուղեղին մէջ, որուն միջոցով կը սկսինք աւելի մեծ յստակութեամբ տեսնել մեր սեփական ուղեղին աստեղազարդ տարածքը»:

«Մինչ գիրքին մարմինն ու ձեւը շարունակ պիտի եղափոխուին, անդին` անոր սիրտն ու ոգին երբեք փոփոխութեան պիտի չենթարկուին: Թէեւ աստղադիտակին ձեւը կրնայ փոխուիլ, սակայն տիեզերական ճշմարտութիւնները տեւաբար մեզ պիտի հրաւիրեն դիտելու, ինչպէս պիտի դիտէինք յաւիտենական տիեզերքը:

«Բազմաթիւ դիտանկիւններէ` գիրքերը սկզբնական համացանցն են. իւրաքանչիւր փաստ, իւրաքանչիւր պատմութիւն, իւրաքանչիւր նոր տեղեկութիւն կապ մը կ՛ընձեռէ դէպի այլ գիրք մը, այլ գաղափար մը, այլ դարպաս մը` դէպի գրաւոր բառին անծանօթ եւ քմահաճ արկածախնդրութիւններու ոլորտը: Այնպէս ինչպէս կայքէջերը, զորս կ՛այցելենք յաճախ, նոյնպէս ալ` գիրքերու մէջ մեր զետեղած նշանները մեր մէջ կը ստեղծեն տեւաբար անոնց էջերուն վերադառնալու փափաքը` վերստին իւրացնելու եւ ապրելու համար զանոնք, նոր իմաստ գտնելու իւրաքանչիւր այցելութեան առիթով, որովհետեւ մեր կեանքին բնապատկերը տեւաբար կը փոխուի, կը ստանայ նոր երեւոյթ եւ «կը վերամբարէ»` նոյնինքն ապրելու արարքով»:

«Տազ մայ կոլտֆիշ նօ հու այ եմ» կամ` իմ ոսկեձկնիկս գիտէ՞, թէ ով եմ ես, իր ամբողջութեան մէջ հիանալի է, կը գոհացնէ հետաքրքրութիւններու ծարաւը բոլոր տարիքի անձերու, կախարդական ներածական մըն է, որ մատղաշ ուղեղներու մէջ կամուրջ մը կը ստեղծէ գիտութեան եւ առօրեայ կեանքի միջեւ:

 

Share this Article
CATEGORIES