Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ձօն Նուիրուած Հայ Մայրերուն` 2013 Թ. Հայ Մօր Տարի Հռչակման Առիթով

ՍԵՒԱԿ ՔՀՆՅ. ՎԱՍԻԼԵԱՆ

Սրտի խօսք մեզ ծնող, սնուցող, կրթող ու դաստիարակող սէր-մօր
Զաւկի տաժանելի կեանքին, փշալի ճանապարհին,
Ցաւատանջ ապրումներուն ու կսկծալի տառապանքներուն,
Մելանոյշ Ժպիտ ու միա՛կ բալասանը մայրն է` արի ու բարի
Առաքինութիւնը գոհար պատմուճանն է բիւրեղ հոգւոյդ, մայր…
Գարնան զեփիւռ փայփայանքը, նման է` գթոտ համբոյրիդ մայր…
Եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ արձագանգուած մեղեդին մեղմ օրօրդ է, քաղցրիկ մայր…
Վիրաւոր թռչնիկի մը նայուածքը մելամաղձոտ արցունքոտ աչքերդ են, քնքո՛ւշ մայր…
Վեհագոյն սրբութիւնը խորհրդանշող սկիհը, մայրական սիրտդ է, սիրով առլի մա՛յր…
Խրո՛խտ մատակ առիւծի արիութիւնը քու քաջութիւնն ու քեզի վայել է միայն, մա՛յր…
Ճառագայթող ազնուականութիւնը սաւառնող մտքերու, գերապանծ միտքդ է, մա՛յր…
Ընտանիքիդ պահապան հրեշտակ, եդեմական դրախտ, այլեւ լոյսն ու պատիւն ես, մա՛յր…
Տառապանքի ու զրկանքի մեհեան, վեհանձնութեան ու սիրոյ սուրբ խորան ես, մա՛յր…
Դուն ակումիտ հրեշտակ մեր սնարին վերեւ մայր
Դառն կեանքին` արեւ ու ճառագայթ օրերուն, մռայլ
Համակ գուրգուրանք ու նուիրում ես, մա՛յր,
Անկեղծ աղօթք ու մաղթանք եւ բիւր օրհնութիւն ես շռայլ
Մեզի համար տառապեցար, չարչարուեցար ծամերդ սեւ ճերմկեցան
Մեր սիրոյն համար բարի մայր սիրտդ ու հոգիդ բիւր ցաւերով մաշեցան
Սնուցիր մեզ այո՛ մնալով դուն նօթի ծարաւ զոհողութեամբդ գերբնական
Հասակ տուիր… յագուրդ սրտի սուրբ սիրովդ մայրական:

Ներմուծեցիր մեր հոգւոյն սիրե՛լ օգնե՛լ ու ներե՛լ մեր նմանին
Ինքդ ոռոգուած սիրոյ ջինջ ակէն սիրելի մայր գովերգելի
Գրկիդ մէջ տաքուկ բազուկներուդ մէջ աննենգ
Փայփայեցիր պահեցիր մեզ վատ ու չարէն ստանենգ.
Խաղաղութեան եւ սիրոյ սուրբ շրթներդ աղօթասաց
Անբանն անգամ զգաստացնող բարի սիրտդ սիրոյ ակ
Գրաւականն են այո՛ Աստուծոյ ողորմութեան համբերութեան
Չայրելու աշխարհը կրակով սոդոմ-գոմորեան:
Բարին Աստուծոյ կեանքիդ ճանապարհը լուսաւորէ
Ցաւ չտեսնես բնա՛ւ դուն, որ սիրտդ փափուկ ո՛հ չցաւի…
Խոնջէնքէ պարտասուն օրհնեալ ձեռքերդ
Կաթոգին համբուրող ու աղօթքներուդ կարօտ զաւակներդ`mother_child_79

Ձերդ սրտաբուխ ու ջերմ աղօթարար
ՍԵՒԱԿ ՔՀՆՅ. ՎԱՍԻԼԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES