«Կիպրոսի Գաղութը Լիբանանի Մէջ» Միութեան Վարչութեան Ընտրութիւն

khmpayin-ngar-tessbanin-hedԵրեքշաբթի, 26 նոյեմբեր 2013-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-9:30 «Կիպրոսի գաղութը Լիբանանի մէջ» միութիւնը հիւրասիրութիւն-ընդունելութեամբ մը նշեց իր հիմնադրութեան երկրորդ տարեդարձը, Լիբանանի մէջ` Կիպրոսի դեսպան Հոմեր Մաւրոմաթիսի բնակարանին մէջ, Ռապիէ:

Դեսպան տէր եւ տիկին Հոմեր եւ Տանգա Մաւրոմաթիսները եւ «Կիպրոսի գաղութը Լիբանանի մէջ» միութեան վարչութեան անդամները հիւրընկալեցին անձնաւորութիւնները եւ միութիւնը սատարող բարեկամները:

Ներկայ էին Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան տոքթ. Պուրրա, Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպանատան հիւպատոս Նիքոս Խարալամպոս, Կիպրոսի մէջ Լիբանանի նախկին դեսպան Զէյտան Զէյտան եւ Աուտէ արքեպիսկոպոսը ներկայացնող ծայրագոյն վարդապետ Ալեքսիոս, ինչպէս նաեւ` տեղական եւ միջազգային գործարար մարդիկ:

mrs-Stalo-and-ambass

Greece-Ambass.-and-Cyprus-ambass

 

 

 

 

 

 

 

Հիւրասիրութիւն-ընդունելութեան ընթացքին յաջորդաբար խօսք առին` դեսպան Հոմեր Մաւրոմաթիս եւ միութեանս նախագահ Սթալօ Հապիպի, որ նաեւ միութեան հիմնադիրներէն մին է:

«Կիպրոսի գաղութը Լիբանանի մէջ» միութիւնը իր կազմակերպած մշակութային եւ ընկերային աշխատանքներուն եւ ձեռնարկներուն շուրջ կը համախմբէ Լիբանանի տարածքին գտնուող կիպրահպատակները, ինչպէս նաեւ` ոչ անպայման կիպրահպատակ, բարեկամներ, որոնք մնայուն համակիրներ են Կիպրոսի:

«Կիպրոսի գաղութը Լիբանանի մէջ» միութեան վարչական կազմը կը բաղկանայ 9 անդամներէ`
Սթալօ Հապիպի, տոքթ. Ռենա Իմատ, Էլենա Քայս, Արլեթ Սամահա, Փոլ Ղարիպեան, Անդրէաս Քայս, Տիանա Աղնաթիոս Էլիա, Թամի Ուրիշեան-Հատիտեան, Արմինէ Ճերմակեան-Սարաֆեան:

Share this Article
CATEGORIES