Պերլուսքոնիի Դուստրը` Ա. Սէ. Միլանի Փոխնախագահ Եւ Գործադիր Տնօրէն
Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ Ա. Սէ. Միլան յայտարարեց, որ ակումբի նախագահին` Սիլվիօ Պերլուսքոնիի դուստրը` Պարպարա Պերլուսքոնի, նշանակուեցաւ ակումբի փոխնախագահ եւ գործադիր տնօրէն:
Այս որոշումը տրուեցաւ ակումբին գումարած նախագահական ժողովներէն մէկուն ընթացքին:
Նշենք, որ Ա. Սէ. Միլանի նախկին նախագահ եւ գործադիր տնօրէն Ատրիանօ Կալիանի իր իսկ կամքով ներկայացուցած էր իր հրաժարականը:
«Քալչիօ»-ի 16-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Ա. Սէ. Միլան այժմ կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 11-րդ դիրքը:
CATEGORIES Մարզական

