Դաւիթաշէնի Մէջ Պիտի Բացուի Մարզական Մեծ Կեդրոն

Լուսանկարը` ՅԱԿՈԲ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆի

Լուսանկարը` ՅԱԿՈԲ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆի

Սեպտեմբեր 2014-ին Երեւանի Դաւիթաշէնի համայնքին մէջ պիտի բացուի մարզական նոր կեդրոն, ուր հաստատուած պիտի ըլլայ նաեւ Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէն, կը յայտնէ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը:

Ներկայիս կեդրոնի կառուցման աշխատանքները կ՛ընթանան մեծ թափով: Հոն կարելի է ժամանակակից սրահներուն մէջ մարզուելէ բացի հաւաքներ ալ կատարել` նկատի ունենալով որ անիկա պիտի ունենայ նաեւ պանդոկ:

Մարզական նոր կեդրոնը պիտի ունենայ ջրային մարզաձեւերու համար անհրաժեշտ ենթակառուցուածքները:

Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին վարչական շէնքը պիտի ունենայ չորս յարկ:

Այս շէնքին մէջ Ողիմպիական կոմիտէն մէկական անվճար սենեակ պիտի տրամադրէ մարզական ֆետերասիոններուն, կ՛եզրափակէ ArmSport.am:

Share this Article
CATEGORIES