Միհրան Մանասեան Կը Մարզուի Լիբանանեան Խումբին Հետ

Թէօ Պոքըր

Արմէն Սանամեան
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ալաշկերտի լաւագոյն կոլսքորըր Միհրան Մանասեան ժամանած է Պէյրութ եւ սկսած է մարզուիլ լիբանանեան Նըժմէ ֆութպոլի ակումբին հետ:
Հայ ֆութպոլիստը մինչեւ տօնական օրերուն աւարտը փորձառական շրջան մը պիտի անցընէ Նըժմէի հետ:
Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, Նըժմէի հետ աշխատանքի սկսաւ Ալաշկերտի նախկին գլխաւոր մարզիչ Արմէն Սանամեան, որ ներկայիս Պէյրութի մէջ է:
Սանամեան նշանակուեցաւ ակումբի թեքնիք տնօրէն: Ան պիտի համակարգէ խումբին տարբեր տարիքային խումբերուն աշխատանքները:
Իսկ Նըժմէի գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ գերմանացի Թէօ Պոքըր:
CATEGORIES Մարզական

