Այսօր Կը Սկսի ՀՄԸՄ-ի Միջմասնաճիւղային Երկրորդական Խումբերու Մրցաշարքը

Այսօր` շաբաթ, 21 դեկտեմբերին, «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ կը սկսի ՀՄԸՄ-ի միջմասնաճիւղային երկրորդական խումբերու մրցաշարքը` մասնակցութեամբ եօթը խումբերու (97-98-ի ծնունդ):

Անոնք են` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Եղիշէ Չարենց, ՀՄԸՄ Ռաուտա – Սերոբ Աղբիւր, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Սարդարապատ, ՀՄԸՄ Պէյրութ – Դանիէլ Վարուժան, ՀՄԸՄ Պաուշրիէ – Լէյլաւան, ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Աղբալեան եւ ՀՄԸՄ Ժըտէյտի – Նաւասարդեան:

Աւարտական հանգրուան կը հասնին այն չորս խումբերը, որ 6-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք կը գրաւեն ընդհանուր դասաւորման առաջին չորս դիրքերը:

Ապա անոնք պիտի մրցին իրարու դէմ, առաջինը` չորրորդին, իսկ երկրորդը` երրորդին դէմ: Յաղթական խումբերը կ՛ապահովեն աւարտականի իրենց տոմսերը:

Ստորեւ այսօր` շաբաթ օր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը (ՀՄԸՄ Պէյրութ – Դանիէլ Վարուժան այսօր մրցում չունի կատարելիք).

—————————————————————ԺԱՄ

ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Եղիշէ Չարենց – ՀՄԸՄ Պաուշրիէ – Լէյլաւան    16:30
ՀՄԸՄ Ռաուտա – Սերոբ Աղբիւր – ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Աղբալեան 18:00
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Սարդարապատ – ՀՄԸՄ Ժըտէյտէ – Նաւասարդեան 19:30

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES