Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններ
– ՈՒԱԼԻՏ ՆԱՍՍԱՐ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵՑ ԻՐ ՑԱՆԿԸ
– ԹՈՆԻ ԽԱԼԻԼ ՅԵՏՍ ԿՈՉԵՑ ԻՐ ԱՌԱՋԱԴՐԱԾ
ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԻՒՆԸ

Թոնի Խալիլ
Ինչպէս ծանօթ է, այսօր` շաբաթ, 21 դեկտեմբերին, Սանթրալ վարժարանին (Ժունիէ) մեծ սրահին մէջ տեղի պիտի ունենան Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընտրութիւնները:
Երկրաչափ Ուալիտ Նասսար երէկ հրապարակեց իր ցանկը, որ պիտի մասնակցի այս ընտրութիւններուն:
Այդ ցանկին մաս կը կազմեն Ուալիտ Նասսար, Ժորժ Սապունճեան, Ռոժէ Աշքութի, Ֆուատ Սալիպա, Ֆատի Թապեթ, Ղասսան Ֆարես, Ռամի Ֆաուազ, Նատեր Պասմէ, Էլի Ֆարհաթ, Վիգէն Չերչեան (անոր թեկնածութիւնը առաջադրուեցաւ Անդրանիկի կողմէ, փոխան` Յարութիւն Գունտաքճեանի), Նիզար Ռաուաս, Նեզիհ Պուժի, Հատի Ղըմրաուի եւ Մարուան Ժըպրայել:
Նասսարի կողմէ թափուր ձգուած է աթոռ մը` անկախ թեկնածու Ֆարես Մըտաուարի համար:
Նշենք, որ հետեւեալ հինգ անձերը` Ուալիտ Նասսար, Ժորժ Սապունճեան, Ռոժէ Աշքութի, Ֆուատ Սալիպա եւ Նեզիհ Պուժի, ցարդ չեն անդամակցած ֆետերասիոնին:
Այլ գետնի վրայ, երէկ Թոնի Խալիլ իր առաջադրած թեկնածութիւնը յետս կոչեց` յոյս յայտնուելով, որ ընտրուելիք նոր ֆետերասիոնին անդամները կ՛արդարացնեն իրենց վրայ դրուած յոյսերը եւ առաւելագոյն ձեւով կը կատարեն իրենց պաշտօնը:

