ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՅԱՁՆՈՒՄԻ ԵՒ ՍՏԱՆՁՆՈՒՄԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ
Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան լոյսին տակ երէկ շարունակուեցան նախարարութիւններու յանձնումի եւ ստանձնումի պաշտօնական արարողութիւնները:
Արդարութեան նախարարութեան մէջ նոր նշանակուած նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի ստանձնեց իր պարտականութիւնը` շեշտելով, որ ինք
կ՛անդամակցի քաղաքական հոսանքի մը, սակայն ներկայիս նախարար է ամբողջ Լիբանանին համար:
Քըրթպաուի շեշտեց, որ ինք վրէժխնդրութեան նպատակով նախարար չէ դարձած` աւելցնելով, որ իր պարտականութիւնն է գործադրել օրէնքը` սկսեալ իր անձէն եւ հասնելով բոլորին:
Իր կարգին, նախկին նախարար Իպրահիմ Նաժժար կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութիւնը միջազգային օրինականութենէն չանջատելու:
Միւս կողմէ, գաղթականներու հարցերու նախկին նախարար Աքրամ Շեհայէպ նախարարութիւնը յանձնեց նախարար Ալաէտտին Թըրրոյի, որ շեշտեց, թէ գաղթականներու հարցերու նախարարութեան աշխատանքները պէտք է աւարտել եւ գաղթականներուն թղթածրարը վերջնականապէս փակել:
Ան ընդգծեց, որ գաղթականներու հարցերու նախարարութիւնը ազգային նախարարութիւն մըն է, եւ զայն փակելով փակած կ՛ըլլանք մեծ եւ կոտտացող վէրք մը:
Յանձնումի եւ ստանձնումի պաշտօնական արարողութիւն կատարուեցաւ նաեւ ընկերային հարցերու նախարարութեան մէջ. նախկին նախարար Սելիմ Սայեղ նախարարութիւնը յանձնեց ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի:

