ԱՏՆԱՆ ՄԱՆՍՈՒՐ ԿԸ ԲՈՂՈՔԷ ՔԻ ՄՈՒՆԻ

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր բողոքագիր մը յղեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի` մերժելով Իսրայէլի եւ Կիպրոսի միջեւ տնտեսական գօտին ճշդող համաձայնագիրը:

Մանսուր նկատել տուաւ, որ այդ համաձայնագիրը Լիբանանի գերիշխանական եւ տնտեսական իրաւունքներուն դէմ ոտնձգութիւն կը նկատուի եւ ինքնաբերաբար շրջանին խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը վտանգի կ՛ենթարկէ:

Մանսուր Քի Մունէն պահանջեց համապատասխան քայլերուն դիմել` որեւէ բախումի կամ տագնապի առաջքը առնելու համար:

Share this Article
CATEGORIES