ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ

«ՆԱՀԱՐ»

– Ակնարկ` կառավարութեան մէջ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ներկայացնող, պետական նախարար Փանոս Մանճեանի նախարար նշանակման առիթով Այնճարի մէջ տեղի ունեցած ժողովրդային ընդունելութեան, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան:

(Նոյն լուրին անդրադարձած է նաեւ «Սատա Պալատ» օրաթերթը):

– Լրատուութիւն` Սուրիոյ բանակին կողմէ դէպի Թուրքիա ուղղուող գաղթականներուն ուղեւորութիւնը արգիլելու մասին:

(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Լիուա», «Անուար», «Մուսթաքպալ», «Շարք Աուսաթ» եւ «Հայաթ» օրաթերթերը):

«ԼԻՈՒԱ»

– Անդրադարձ` Կեդրոնական Պէյրութի մէջ «Ֆէյհա» երգչախումբի ելոյթին` ղեկավարութեամբ խմբավար Պարգեւ Թասլաքեանի:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ»

– Լրատուութիւն` Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Եգիպտոս կատարելիք այցելութեան մասին: Ըստ լուրին, Էրտողան յառաջիկայ յուլիսի կիսուն պիտի ուղղուի Գահիրէ` Թուրքիոյ նոր կառավարութեան կազմութենէն ետք:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ»

– Վերլուծական յօդուած` Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ «մեղրալուսինի» աւարտին, ինչպէս նաեւ Իրանի կողմէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի տապալումի սպասման մասին:

«ՍԱՖԻՐ»

– Անդրադարձ` դէպի Կազա մարդասիրական օժանդակութիւններ փոխադրող «Ազատութեան» նաւատորմին մէջ «Մարմարա» թրքական նաւուն կողմէ զլացուած մասնակցութեան` կեդրոնանալով այն պատճառաբանութեան վրայ, թէ Թուրքիա ներկայիս զբաղած է Սուրիոյ իրադարձութիւններով:

– Յօդուած, որուն մէջ ակնարկներ կը կատարուին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ քրտական հարցը վայրագութեամբ լուծելու հաւանականութեան եւ հաստատումներ կը կատարուին, թէ Թուրքիա կը ձեւանայ իբրեւ ժողովրդավարական երկիր, սակայն խորքին մէջ ան այդպէս չէ:

– Յօդուած` Հրանդ Տինքի կեանքին մասին պոլսահայ դերասան Միհրան Թովմասեանի ներկայացումին մասին:

«ՇԱՐՔ»

– Նախատեսութիւն` Թուրքիա-Սուրիա զինուորական ճակատի մը ստեղծումին հաւանականութեան մասին:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES