«Շնորհալի» Երգչախումբին Կատարողութեամբ Ծննդեան Համերգ

shenorhaliՊսալիմ-Մըզհեր շրջանի քաղաքապետարանին կազմակերպութեամբ, ուրբաթ 20 դեկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան, յոյն ուղղափառներու Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Ծնունդին նուիրուած համերգ մը տեղի ունեցաւ «Միութեան ու խաղաղութեան ծնունդը» անունով:

Սոյն համերգին իրենց մասնակցութիւնը բերին զանազան եկեղեցիներու երգչախումբեր, որոնց կարգին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեանի: Երգչախումբը հայ եկեղեցւոյ շարականներէն Ծննդեան նուիրուած փունջ մը շարականներ հրամցուցին ներկաներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES