Տաւութօղլու.«Հայաստանի Հարցին Մէջ Սպիտակ Էջ Բացած Ենք»
Թուրքիոյ մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպաններու հետ հանդիպումի մը ընթացքին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու դարձեալ խուսափած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման առնչուած հարցումի մը պատշաճ պատասխան մը տալէ:
«Սի.Էն.Էն.Թիւրք» կը հաղորդէ, որ Անգարայի մէջ Լիթուանիոյ դեսպանատան մէջ ճաշի սեղանի շուրջ հանդիպումի մը ընթացքին Թուրքիոյ մէջ Ֆրանսայի եւ Զուիցերիոյ դեսպանները հետաքրքրուած են Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն կարգաւորման հարցով, ինչին իբրեւ պատասխան Տաւութօղլու ըսած է. «Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն եւ Ղարաբաղի խնդիրին առնչուած Թուրքիոյ կառուցողական դիրքորոշումը պիտի շարունակուի: Սպիտակ էջ բացած ենք եւ ամէն կառուցողական գաղափարի առջեւ բաց ենք»:
Հանդիպումին ընթացքին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ խօսած է Կիպրոսի խնդիրին մասին` պնդելով, որ Թուրքիան եւ թրքական կողմը պիտի շարունակեն խաղաղութեան ուղղուած միացեալ քայլերը:

