Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրիի մօտիկ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին յայտնեցին, որ ան համաձայն է Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի այն յայտարարութեան, թէ չէզոք կառավարութեան մը կազմութիւնը խաբկանքի կառավարութիւն է:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա շեշտեց, որ Ծոցի երկիրներու ղեկավարները իրենց առաջնահերթութիւնը պէտք է նկատեն Լիբանանի մէջ տիրող սառած կացութեան վերջ մը տալու նպատակով քայլերու որդեգրումը:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել հաստատեց, որ Ռումիէի բանտին մէջ իսլամ բանտարկեալներուն յատկացուած մասնաշէնքին խուզարկումը շաբաթական դրութեամբ պիտի կատարուի` դէմ դնելու համար փտածութեան:

ԱՆՏԻՈՔԻ եւ Համայն Արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը շեշտեց, որ իսլամները պէտք է պայքարին ընդդէմ հաւատադրժողականութեան եւ ծայրայեղութեան. ան կոչ ուղղեց միացեալ պայքար մը մղելու անոնց դէմ:

ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նասրէտտին Ղարիպ լիբանանցիները շնորհաւորեց Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի տօնին առիթով: Ան շեշտեց նաեւ, որ Սուրիա յաղթական դուրս պիտի գայ իրեն դէմ նիւթուող բոլոր դաւերէն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, իսրայէլեան օդուժը շաբաթավերջին թռիչքներ գործեց Նաքուրայի, հարաւային Լիբանանի, Պէյրութի եւ անոր արուարձաններուն վերեւ: Իսրայէլեան օդանաւերը Լիբանանէն հեռացան Ալմա Շաապի վրայով:

ԺԱՊԱԼ Մըհսենի եւ Մանքուպինի միջեւ լարուածութիւն մը արձանագրուած է` նկատի ունենալով Ժապալ Մըհսենի բնակիչներէն մէկուն դէմ գործուած յարձակում մը: Նշենք, որ այդ բռնարարքին պատճառով Մանքուպինը թիրախ դարձաւ երկու ռումբերու:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Խէյրէտտին յայտնեց, որ լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը միակ լուծումն է Լիբանանը իր դիմագրաւած տագնապէն դուրս բերելու իմաստով:

ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան ղեկավար Ապտել Ռահիմ Մըրատ շեշտեց, որ կատարուած իրողութեան կառավարութեան կազմութիւնը Լիբանանի մէջ կրնայ սադրանքներ գրգռող լուրջ ծրագիր մը ըլլալ եւ երկիրը առաջնորդել դէպի մութ փապուղի մը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի շեշտեց, որ Լիբանան պայթումի, հաւատադրժողական, համայնքային եւ յարանուանական «Արաբական գարնան» մը կարիք չունի:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Կապի Լայեուն շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն ոեւէ անձնաւորութիւն մը նախագահ ընտրել` աւելցնելով, որ Ազգային ազատ հոսանքը հանրապետութեան նախագահին անձին շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու պարտադիր անցք մըն է:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նասեր Քանտիլ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը անհաւանական է: Ան աւելցուց նաեւ, որ Սէուտական Արաբիա կը խոչընդոտէ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան ճիգերը:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարարի պաշտօնակատար Նազեմ Խուրի յայտնեց, որ եթէ կառավարութիւն կազմուի, ապա հաստատ կերպով ան պիտի չըլլայ ընդվզեցնող կառավարական կազմ մը: Ան շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ վարչապետ Թամմամ Սալամ այս իմաստով պատասխանատուութիւն ստանձնած են եւ կարելի չէ երկիրը անիշխանութեան մատնել:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման չի փափաքիր, որ իր պաշտօնավարութիւնը երկարաձգուի, իսկ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը նախագահական թեկնածուները անուանելու խաղին մաս չ՛ուզեր կազմել:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Նիքոլա Սահնաուի կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր պատասխանատուներուն լիբանանցի քաղաքացին վերածելու իրենց առաջնահերթութեան:

ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարի օգնական Տանիել Կլասըր շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն Հըզպալլայի աշխատանքները խոչընդոտելու նպատակով:

 

Share this Article
CATEGORIES