Մանսուր. «45 Լիբանանցիներ Ժուպայէն Վերադարձան Լիբանան»
Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութեան հաղորդակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք կարելի եղած է շաբաթ երեկոյեան հարաւային Սուտանի Ժուպա շրջանէն Լիբանան փոխադրել 45 լիբանանցիներ:
Ան նշեց, որ այսօր 60 ուրիշ լիբանանցիներ պիտի փոխադրուին Լիբանան` եգիպտական օդանաւային ընկերութեան մը միջոցով:
Մանսուր աւելցուց, որ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, 50 լիբանանցիներ որոշած են մնալ Ժուպայի մէջ:
Միւս կողմէ, իրեն հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Մանսուր զգուշացուց Իսրայէլի կողմէ ինքնագլուխ եւ միակողմանի կերպով Լիբանանի հետ ծովային սահմանագծում կատարելէ:
CATEGORIES Լիբանանեան

