Ժոմպլաթ. «Նախագահական Մակարդակի Վրայ Ստեղծուելիք Անիշխանութիւնը Ամէնէն Վտանգաւորն Է»
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ նախագահական մակարդակի վրայ ստեղծուելիք անիշխանութիւնը ամէնէն վտանգաւորն է:
Ան ընդգծեց, որ խորհրդարանը պէտք է սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտներուն ծիրին մէջ գումարէ իր նիստերը եւ ընտրէ հանրապետութեան նոր նախագահ մը:
Ժոմպլաթ հաստատեց, որ պէտք չէ մխրճուիլ նախագահին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու բանավէճերուն մէջ:
Ան անհրաժեշտ նկատեց ազգային միասնականութեան կառավարութեան մը կազմութիւնը` շեշտելով, որ ինք կը զօրակցի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախաձեռնութեան, որուն հիման վրայ կոչ կ՛ուղղուի 9+9+6 տարազին հիման վրայ կառավարութիւն մը կազմելու:
CATEGORIES Լիբանանեան

