Պասիլ. «Լիբանանի Ջրային Հարստութիւնը Զայն Պիտի Վերածէ Շրջանին Համար Անհրաժեշտ Երկրի Մը»

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլ երէկ բացումը կատարեց «Ժաննէ» ամբարտակի կառուցման երկրորդ հանգրուանի աշխատանքներուն:

Այս առիթով Պասիլ յայտնեց, որ «Ժաննէ»-ի ծրագիրը աննախընթաց է, որովհետեւ անիկա ստեղծուելիք ամբողջական դրութիւն մըն է, որուն աշխատանքները լաւապէս կազմակերպուած են:

Պասիլ շեշտեց, որ «Ժաննէ» ամբարտակին կառուցումը նուաճում մը կը նկատուի եւ անոր համար անհրաժեշտ է արժեւորել զայն իրականացնող անձնակազմը:

«Այս ամբարտակը 2013 տարուան ընթացքին եօթներորդն է, որ կառուցուած է, եւ այս իրականութիւնը պիտի օժանդակէ, որ Լիբանանի ջրային հարստութիւնը զայն վերածէ շրջանին համար անհրաժեշտ երկրի մը», ըսաւ Պասիլ:

Ան յայտնեց, որ շատեր նեղացած էին այս ծրագիրէն, ըլլայ ան նախկին վարչապետ, խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ թէ ընդհանուր տնօրէն, սակայն անոնց կողմէ դրուած խոչընդոտները` այս աշխատանքը արգելակելու գծով, ոչ մէկ յաջողութիւն արձանագրեց:

Share this Article
CATEGORIES