Ապու Ֆաուր Կը Զգուշացնէ Չէզոք Կառավարութեան Ընտրանքէն

Ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուր զգուշացուց Լիբանանի մէջ չէզոք կառավարութիւն մը կազմելէ` շեշտելով, որ անիկա դէպի անորոշութիւն կատարուելիք ոստում մը կը նկատուի:

Ան շեշտեց, որ նման կառավարութիւն մը, որուն շուրջ համախոհութիւն չկայ, կրնայ երկիրը առաջնորդել դէպի ապահովական, քաղաքական եւ սահմանադրական անիշխանութիւն:

«Մենք այս կեցուածքները չենք արտայայտեր սարսափեցնելու համար լիբանանցիները, այլ կու գանք հաստատելու, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան համար երկրին ապահովական կայունութիւնը եւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը առաջնահերթութիւններ են», ըսաւ Ապու Ֆաուր:

Ան հաստատեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը պիտի չմասնակցի որեւէ կառավարութեան, որ դէպի անորոշութիւն առնուած քայլ մը կը նկատուի:

Share this Article
CATEGORIES