Ռայի Պատրիարք. «Իսկական Հաշմուածները Անոնք Չե՞ն, Որոնք Կ՛արգելակեն Երկրին Մարտահրաւէրներուն Դէմ Պայքարող Կառավարութեան Մը Կազմութիւնը»

Կիրակնօրեայ պատարագէն պահ մը
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին խստիւ քննադատեց երկրին դիմագրաւած հարցերուն լուծումը:
Ռայի պատրիարքը հարց տուաւ, թէ արդեօք իսկական հաշմուածները անոնք չե՞ն, որոնք կ՛արգելակեն երկրին մարտահրաւէրներուն դէմ պայքարող կառավարութեան մը կազմութիւնը եւ անկարող են մշակելու ընտրական նոր օրէնք մը, պարզապէս որովհետեւ չեն կրնար ապահովել իրենց անձնական շահերը:
Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը Ս. Ծնունդի տօնին առիթով վաղը` երեքշաբթի, 24 դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին պիտի փոխանցէ իր պատգամը:
CATEGORIES Լիբանանեան

