Միջազգային Դատական Ատեանը Ֆինանսաւորելու Մասին Բանավէճ

Լիբանանի յատուկ միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելու քայլը երէկ բանավէճի վերածուեցաւ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Սաֆատիի միջեւ:

Բանավէճը սկսաւ, երբ Սաֆատի զարմանք յայտնեց, որ Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելու առնչութեամբ Լիբանանի նիւթական պարտաւորութիւնը կատարելու թղթածրարը Միքաթիի կողմէ Հաշուեքննիչ դիւանին փոխանցուած է` զայն սերտելու համար:

Այս մասին Միքաթի պատասխանեց հաղորդագրութեամբ մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ վարչապետը ելեւմուտքի նախարարութեան փոխանցած է այն որոշումը, թէ նախարարութիւնը պէտք է Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելու առումով Լիբանանի նիւթական պարտաւորութիւնը կատարէ` հետեւելով կարգ ու կանոնին:

«Հետեւաբար ելեւմուտքի նախարարութիւնն է, որ Հաշուեքննիչ դիւանին փոխանցած է այդ գործառնութիւնը», նշուեցաւ Միքաթիի հաղորդագրութեան մէջ:

Ելեւմուտքի նախարարութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ այդ նախարարութիւնը պատրաստած է նիւթական պարտաւորութեան Լիբանանի բաժինը եւ զայն փոխանցած ընթացիկ հարցերու կառավարութեան վարչապետին ու հանրապետութեան նախագահին, որոնք իրենց կարգին ստորագրած են զայն, եւ ապա ըստ կանոնագրութեան այդ գործառնութիւնը ուղարկուած է Հաշուեքննիչ դիւանին:

 

Share this Article
CATEGORIES