Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Սալամը

sleiman_salam

Նախագահ Սլէյման եւ Սալամ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին Պաապտայի մէջ ընդունեց նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն եւ խորհրդակցութիւններուն վերաբերող հարցեր:

Միւս կողմէ, Սալամի մօտիկ աղբիւրներ շեշտեցին, որ տօնական օրերուն պիտի յաջորդեն հետեւողական քննարկումներ, որոնց լոյսին տակ կը նախատեսուի, որ կառավարութիւն մը կազմուի:

Լրագրողներուն կողմէ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի յայտարարութիւնը մեկնաբանելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Սալամ ըսաւ. «Առա՛նց մեկնաբանութեան»:

Share this Article
CATEGORIES