Սաուիրիի Մէջ Զինեալ Բախումները Կը Պատճառեն Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

SuweiriԱրեւմտեան Պեքաայի Սաուիրի գիւղաքաղաքին մէջ երէկ արձանագրուեցան զինեալ բախումներ` Շուման եւ Ժանպէյն ընտանիքներուն միջեւ:

Զինեալ բախումները պատճառեցին հինգ զոհ եւ վիրաւորեցին տասնեակ ուրիշներ:

Շաբաթ օր Սաուիրիի մէջ երկու ընտանիքներէն անդամներ երթեւեկի նախապատուութեան պատճառով բախում մը ունեցած էին եւ այդ դէպքին պատճառով էր, որ բռնկած էին զինեալ բախումները:

Ընտանեկան այս հարցին միջամտեցին զինեալ այլ կողմեր, հակառակ անոր որ վերոնշեալ երկու ընտանիքները խնամիական կապեր ունին:

Զինեալ բախումներուն պատճառով Շուման ընտանիքին պատկանող կարգ մը բնակարաններ հրկիզուեցան. այս դէպքին լոյսին տակ բանակը դիրքաւորուեցաւ Սաուիրիի մէջ եւ ձերբակալումներ կատարեց:

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, ձերբակալուած են երեք յանցագործներ, որոնք կասկածելի են լիբանանեան բանակի զինուորներէն Մոհամետ Սայիտ Ժանպէյնի սպանութեան հարցով:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Մոհամետ Սայիտ Ժանպէյնի յուղարկաւորութեան ընթացքին զինեալ բախումները վերսկսած էին, ինչպէս նաեւ բնակարաններ հրկիզուած էին` պատճառելով Ահմետ Ժանպէյնի եւ անոր եղբօր` Խալետ Ժանպէյնի եւ Եուսեֆ Շումանի սպանութիւնը:

«Մանար» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, հաւատադրժողական խմբաւորումներու անդամներ Մաժտալ Այնճարէն ուղղուեցան Սաուիրի եւ մասնակցեցան զինեալ բախումներուն:

Share this Article
CATEGORIES