Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Վերջերս շատ աշխատած էք եւ հանգստանալու առիթ եւ տեղ մը կը փնտռէք: Լաւագոյն վայրը գիւղական շրջան մը կրնայ ըլլալ, հեռու` աղմուկէ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր աշխատանքին արդիւնքը լիուլի պիտի ստանաք նիւթապէս եւ բարոյապէս: Պիտի լսէք գնահատական եւ շնորհաւորական խօսքեր: Ուրախ մնացէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Բծախնդրութիւնը լաւ է եւ գնահատելի, սակայն չափազանցութիւններէ հեռու մնալն ալ ձեռնտու է: Ձեզի կը թելադրուի քիչ մըն ալ երեւոյթներու յարմարող ըլլալ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Չէք սիրեր խառնակ կամ շփոթ վայրերու մէջ աշխատիլ: Ձեր գործակիցներուն հասկցուցէք այս, որպէսզի օրուան գործունէութիւնը ըլլայ արդիւնաւէտ: Շատախօսները կամ շաղակրատները հեռացուցէք ձեր մօտէն:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Բնութիւնը կը յարգէ իր օրէնքները եւ ժամադրութիւնը: Հետեւեցէք այս օրինակելի դասին: Եթէ ունիք պարտականութիւններ, մի՛ տնտնաք, կատարեցէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
«Առանց կրակի ծուխ չ՛ըլլար», կ՛ըսէ առածը: Եթէ զգաք, որ սխալ բան մը կայ ձեր շուրջը, գործի թէ ընկերային յարաբերութեան մէջ, անմիջապէս առաջքը առէք: Իմաստութեամբ շարժեցէք եւ ոչ` աճապարանքով:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Միջամուխ մի՛ ըլլաք անծանօթ անձերու հարցերուն, որովհետեւ չէք գիտեր ճշմարտութիւնը կամ իրողութիւնը: Խաբուած ըլլալու տրամադրութիւնը յուսախաբ կ՛ընէ ձեզ: Զգուշ եղէք ամէն պարագայի:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
«Հեռուի թմբուկը զօրաւոր կը հնչէ», կ՛ըսէ ժողովրդային իմաստութիւնը: Մի՛ կարծէք, որ ձեր լսած ամէն խօսք իրականութիւն չի կրնար ըլլալ: Նախ ճշդեցէք, ապա որոշում տուէք կողմ ըլլալու:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Հիւրեր պիտի ունենաք ընտանեկան մթնոլորտի մէջ: Ձեր ժամանակը արժեւորեցէք պատշաճ հիւրասիրութեամբ: Նման առիթներ հազուադէպ են: Օրը բարի է:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Հին օրերու յիշատակներ պիտի արթննան ձեր մէջ: Երազներով մի՛ տարուիք, ձեր ոտքերը ամուր դրէք գետին, շրջահայեաց եղէք եւ աշխատեցէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր աշխատանքին վերաբերեալ նոր ծրագիր մը պատրաստելու ձեր առաջարկը պիտի ընդունուի: Եռանդուն եւ ինքնավստահ շարունակեցէք ձեր գործերը:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Կեանքը ունի անակնկալներ` դրական եւ ժխտական իմաստով: Եթէ ձախող հարց մը պատահի, մի՛ յուսահատիք, այլ համբերութեամբ եւ հանդարտ լուծում մը որոնեցէք:

