50 Տարի Առաջ (24 Դեկտեմբեր 1963)
Նոթեր Ու Նետեր
Ընդհանրականի Ծրագիրը
Ատենէ մը ի վեր, խորհրդային մամուլին մէջ կը գրուի նոր նիւթի մը մասին, որ կը կոչուի «Ընդհանրական հայրենիք»:
Այս մեծ ու նոր նիւթին մասին հետեւողականօրէն եւ կանոնաւորաբար կը խօսուի ալ ճառերով կամ զեկուցումներով, պաշտօնական անձնաւորութիւններու կողմէ:
Զանազան խորհրդային երկիրներու պարագլուխներ ալ իրենց հրեղէն համամտութիւնը կը յայտնեն:
«Ընդհանրական հայրենիք…»:
Մտքերը կը պատրաստուին, ճանապարհը կը հարթուի, ծրագիրը կը կառուցուի:
«Ընդհանրական հայրենիք» կը նշանակէ միակ, միացեալ, մեծ հայրենիք, տակաւին մէկ ժողովուրդ, մէկ մշակոյթ, մէկ լեզու, մէկ բերան:
Եւ այդպէս, պիտի ըլլայ մէկ հօտ, մէկ հովիւ, մէկ հով, մէկ համ, մէկ կաթ, մէկ կաթսայ, մէկ ձուլիչ, մէկ ձուլարան, մէկ լեզու, մէկ ատամնաշար, մէկ կոկորդ, մէկ որկոր:
Եւ օգուտները պիտի ըլլան բազմաթիւ:
Ամէնէն առաջ, պիտի օգտուին դպրոցականները: Պիտի սորվին միայն մէկ լեզու, մէկ պատմութիւն, մէկ աշխարհագրութիւն:
Եւ ա՛լ գոյութիւն պիտի չունենան սահմանային խնդիրներ, ընդմէջ քոյր կամ եղբայր հանրապետութիւններու: Խորհրդային բոլոր երկիրները պիտի ըլլան անսահման: Պիտի ընդարձակուին, պիտի տարածուին, պիտի հսկայանան` միանալով ու դառնալով մի եւ մեծ:
Երբ Վատիկանի մէջ կ՛աշխատին` յանուն եկեղեցիներու միացման, երբ Պէյճինկի մէջ կ՛աշխատին սթալինականներու միութեան համար, ահա խորհրդայիններն ալ լծուած են միացումի մեծ գործի մը.- հայրենիքները, ժողովուրդները, մշակոյթները, լեզուները միացնել:
Ահա միութիւններու երրորդութիւն մը, որուն կեդրոնականը Խորհրդային Միութեանն է:
***
Ամբողջ Խորհրդային Միութեան մէջ ամէնէն հին հայրենիքը Հայաստանը ըլլալով, ամէնէն հնադարեան մշակոյթը հայկականը ըլլալով, ամենահարուստը լեզուներուն` հայերէնը ըլլալով, եթէ Ընդհանրական հայրենիքը պիտի կոչուի Հայաստան, եթէ ընդհանրական մշակոյթը պիտի հանդիսանայ հայկականը եւ ընդհանրական լեզուն պիտի ըլլայ հայերէնը, մենք` հայերս կ՛ընդունինք այդ միացումը: Եւ արդար է, որ այդպէս ըլլայ, քանի որ Խորհրդային Միութեան բոլոր ժողովուրդներուն մէջ սեփական այբուբեն, գեղարուեստական ինքնատիպ ոճեր ու լեզուական ոսկեհանք ունեցողներն մենք` ՀԱՅԵՐՍ ենք:
Պէտք է նկատի առնուի որակը, եւ ոչ թէ անպէտ քանակը:
Միւս ժողովուրդներուն կը մնայ ձուլուիլ հայութեան մէջ: Ասպարէզը բաց է: Կը բաւէ որքան մենք ձուլուած ենք ու կը ձուլուինք մանաւանդ հիմա…
Իսկ եթէ կը սպասուի, որ մենք` հայերս ռուսանանք, որպէսզի իրագործուի «Ընդհանրական հայրենիք»-ը, ատիկա ծրագիր մըն է, որ ո՛չ հնգամեայ, ո՛չ տասնամեայ, ոչ ալ հարիւրամեայ աշխատանքով կ՛իրագործուի:
Այդ ծրագիրը հազարամեակի մը ընթացքին միայն կրնայ իրագործուիլ… աննախընթաց անյաջողութիւններով:
ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ
Գերմ. Ձայնասփիւռը Կը Քննադատէ Թուրքերը
Յետադիմութիւն Եւ Աղքատութիւն
Ամբողջ Երկրին Մէջ
Ոմանց մօտ այն կարծիքը կը տիրէր, թէ այս շրջանին կարելի չէ քննադատել թուրքերը, մանաւանդ Գերմանիոյ, ինչպէս Ամերիկայի մէջ: Բայց կան քաջ եւ անշահախնդիր մարդիկ, որոնք չեն կրնար լուռ մնալ: Ահա առաջին ապացոյցը կու տայ նոյնիսկ Գերմանիան: Ձայնասփիւռով լա՛ւ լուացեր են: Եւ ահա Պոլսոյ թրքական թերթերը կրակ կտրած են` իմանալով, որ Պաւարիոյ ձայնասփիւռը անցեալ շաբաթ Թուրքիոյ եւ թուրք երաժշտութեան մասին խօսելով` ծանր քննադատութիւններ կատարած է Թուրքիոյ, թուրքերուն եւ Աթաթիւրքի հասցէին:
Միւնիխի ձայնասփիւռը, Թուրքիոյ մէջ տեղեկագրութիւն պատրաստած թղթակցին` Հայնրիխ Ֆոն Լոէշի կատարած տեղեկատուութեան ընթացքին պնդեց, թէ Թուրքիոյ մէջ յետադիմութիւնը այնքան զօրացած է, որ այլեւս հարկ չէ մնացած ծածկելու: Անատոլուի ժողովուրդը կարօտը կը քաշէ այն օրերուն, երբ իսլամութիւնը թրքութենէն գերիվեր կը նկատուէր: Թուրքերը մնացած են աշխարհի մէջ իրենց ազգային եկամուտը նուազած միակ պետութիւնը եւ ըստ փրոֆեսէօրի մը տուած տեղեկութեան, ամէնէն խառնակ ցեղերէն կը բաղկանան:
Թղթակիցը յայտարարելով, որ ի վաղուց թուրք զինուորը եւ բանակը ճանչցուած են դաժանութեամբ` պնդեց, թէ Աթաթիւրք բազմաթիւ բարեկարգութիւններ ըրած ըլլալով հանդերձ շատ դաժան մարդ մըն էր, մասնաւորաբար հիւանդութեան վերջին օրերուն` քովը եկող երեսփոխանները եւ գործավարները վայրագօրէն մտրակել կու տար:
Թղթակիցը յայտնեց նաեւ, թէ Աթաթիւրք սպաննել տուաւ առաջնակարգ բոլոր գործավարները եւ կարգ մը քաղաքական անձնաւորութիւններ, միայն ընկերը Ինէօնիւն ողջ ձգեց: Եւ այս առթիւ Աթաթիւրքը Ապտիւլ Համիտի հետ բաղդատեց:
«Միլլիյէթ» կը գրէ, թէ Միւնիխի իր թղթակիցը իսկոյն հեռաձայնով եւ նամակով շահագրգռուող իշխանութեանց մօտ բողոքած է ձայնասփիւռի այս ելոյթին դէմ:

