Գովք Քաղաքական Իրաւ Միտքի

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Քաղաքական միտքը, բառին ազնուական իմաստով, անկարեւոր կարեւորութեան կիրք չէ, ո՛չ չարաշահութեան միջոց, ո՛չ դատարկաբանութիւն:

Քաղաքականութիւնը կը դառնայ փուճ, երբ իր հոգին կը կորսնցնէ, կը դառնայ աթոռ եւ աթոռակ (առաջին շարքի), կը դառնայ թութակային կարգախօս, բովանդակութիւնը կորսնցուցած մրցակցութիւն, կրկնուող թատրոն:

Միտքը եւ հոգին կը կորսուին, երբ կը վերածուին «տեսք»-ի (look), տպաւորելու մարմաջի, հաճելի ըլլալու ճապկումներու, ինչպէս` բեմերու անվաղորդայն եւ ամբոխ զուարճացնող աղմկարարութիւնները, կամ արեւելեան երկիրներու հրապարակներուն վրայ դեռ գոյութիւն ունեցող օձահմաները:

Այլեւս չենք զարմանար, երբ քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ անգամ (Եւրոպա, Միացեալ Նահանգներ, եւ այլուր), քաղաքական իշխանութեան ձգտողներ, փոխանակ իրենց գաղափարներով համոզելու քաղաքացի քուէարկողները, կը դիմեն երգիչներու եւ խեղկատակներու օժանդակութեան` փոխանակ բացատրելու եւ բացատրուելու:

Քաղաքական միտքը մարդկութեան եւ ընկերութեան յառաջդիմութեան ուժական առաջնորդութիւնը ըլլալէ կը դադրի, երբ կը խրի դիւանակալութեան մէջ, կ’ըլլայ սոսկ վարչամեքենայ, գաղափար եւ ծրագիր կը զիջին ջոջական եւ անյագ ցանկութիւններու եւ սնափառութիւններու, կը դառնան տարբեր նպատակներ հետապնդելու միջոց:

Ի՜նչ արհամարհանք քաղաքացիին հանդէպ, որ յայտարարուած սկզբունքներով հաւասար է… միւսին:

Քաղաքականութիւնը այնքա՜ն անձնատուր է «պատկեր»-ի եւ «տեսնուելու» հեւքին, որ կը տարուինք մտածելու, որ անոր ետին բան կա՞յ: Հեռատեսիլի պզտիկ պատուհանի պաստառը տիրացած է մեր տեսադաշտին, հիւղակներէն մինչեւ դղեակներ, եւ դարձած` քաղաքականութիւն խաղալու բեմ: Եթէ պահ մը մտածենք, կը հաստատենք, որ ազնիւ քաղաքականութիւնը կ’այլասերի` մտնելով «պատկեր»-ի եւ «տեսնուելու» միւս քաղաքականութեան մէջ: Ափսո՜ս:

Ինքզինքիս թոյլ պիտի տամ քաղաքական միտքին գովքը հիւսել: Ան պէտք է ունենայ քաղաքակրթող բնոյթ, նպաստէ քաղաքակրթութեան յառաջընթացին` մարդը զետեղելով մարդկայնացման օղակներուն մէջ, մեծ մարդաբան եւ իմաստասէր Թէյար տը Շարտենի այնքա՜ն սիրելի բացատրութեամբ, որ կը սպասէ աշխարհը պարուրելու կոչուած ՍԷՐ-ը, կ’ըսէ, amorisation, այսինքն քաղաքականութիւնը աշխարհի ՄԱՐԴԱՑՄԱՆ ընթացքն է:

Քաղաքական միտքը պէտք չէ ըլլայ, պէտք է դադրի ըլլալէ մրցակցութիւններու կրկէսը, այլ տնտեսութեան, այս` հաւասարապէս բաժնուած բարօրութեան եւ անկէ բխած երջանկութեան համար, նաեւ` արդարութեան եւ հոգեմտաւոր նուաճման:

Իսկ ի՞նչ կը տեսնենք այսօր: Տնտեսութիւնը կ’ուղղուի դէպի սպառում, ոչ անհրաժեշտի եւ ոչ կենսականի սպառում, որուն պատճառով կը զարգանան անբաւարարութեան զգացումներ:

Արդարութիւնը, զոր այնքա՜ն ցանկալի կը համարենք, որուն համար պատերազմներ կը մղենք, դարձած է «կատարուած իրողութեան» պաշտպանութեան օրէնք, բնութեան բարիքներու ոչ թէ բաշխման, այլ փոքրամասնութեան մը կողմէ իւրացման համակարգի, ազգ-պետութիւններու սահմաններու, երկրի ընդերքի հարստութեան շահագործման տեսանկիւններէ:

Իսկ մեր ուշքն ու միտքը կլանուած են պատկերներու յաջորդականութեամբ, որոնք բան չեն նշանակեր:

Հաղորդակցական դրական նուաճումները, համացանցով եւ բջիջայինով, անհակակշռելի չարիք կը դառնան իրենց չափազանցութիւններով` մեզ բանտարկելով մեզմէ դուրս:

Քաղաքական միտքը անպաշտպան է հաղորդակցական միջոցներու եւ «պատկեր»-ի հզօրութեան դէմ, մանաւանդ որ անոնք «կը ծախուին»: Օրինակ, Ֆրանսայի կամ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրարշաւը բանակի կը նմանի, եւ Նափոլէոնի ըսածին պէս, յաղթելու համար «դրամ» պէտք է: Մեծագումար:

Իսկ դերձակին, գլխարկավաճառին, վարժապետին, սափրիչին, հանքագործին կը մնայ աղմկարարութեան քաղաքականութիւնը, ծափահարելու հաճոյքը, անոնց մասնակցութիւնը կը սրսկուի զանգուածային լրատուամիջոցներու խօսքերով եւ ընդարմացնող պատկերներով:

Ֆրանսան հետաքրքրական օրէնք մը ունի: Ընտրական օրէնքը, քուէարկութենէն քառասունութ ժամ առաջ կ’արգիլէ քարոզչական բոլոր ձեւերը` որմազդ, թերթ, ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ եւ այլն: Ի՞նչ հասկնալ: Կրնա՞նք ըսել, որ օրէնքը կը պաշտպանէ քաղաքացիին մտածելու, դատելու եւ որոշելու կարողութիւնը` խօսքի, ձայնի եւ պատկերի նախայարձակումներուն դէմ, որպէսզի ան ընտրութիւն կատարէ ըստ իր խիղճին: Բայց հարց է, թէ ամէն քաղաքացի կրնա՞յ քառասունութ ժամէն ազատագրուիլ ամիսներու կամ տարիներու ընթացքին զինք զսպանակի պէս լարած քարոզչական նախայարձակումներէն:

Իսկական քաղաքական միտքը, եթէ կայ, կը յատկանշուի գերանցումով` ամէն կարգի կապանքներէ, ճնշումներէ, ուղղակի կամ անուղղակի «զինուորագրութենէ»: Ան կաղապարուած կեցուածքներէ եւ ուրիշներու կողմէ նախապէս լարուած ինքնագործ մարդամեքենայի մերժումն է, այսինքն` քարոզչական եւ կարգախօսային ճնշումով նոր տեսակի ստրկութեան դէմ գիտակից վերաբերում: Կը պատահի այն, որ ընտրելէ ետք այս կամ այն ճամբարը, կը կառչինք հրաշք-լուծումներու, կանոնակարգուած եւ սառած եղած-չեղած-խոստացուած հրաշքներ, որոնց ետին շատ յաճախ կան անխոստովանելի եւ անընդունելի եսասիրական շահախնդրութիւններ:

Իսկ քաղաքական միտքը, մաքրուած ձեւազեղծող ամէն տիղմէ, պէտք է որ առաջնորդէ լաւին, երջանկութեան, բարիին: Այս ձեւով եթէ մտածենք, պիտի տեսնենք, որ իրարու հակադրուող եւ հանրային կարծիքին տիրող ուժերը չունին անպայման ճշմարտութեան եւ լաւին մենաշնորհը: Թերեւս, լաւը եւ ճշմարտութիւնը, իրենց ինքնատիպ բաղկացուցիչներով, կը գտնուին աստ եւ անդ, տարբեր ճամբարներու մէջ եւ անոնցմէ դուրս:

Ի՞նչ ընել:  Քաղաքական մարզանք-ճապկումներուն մէջ, պատկերի եւ տեսքի կողքին,  կրնա՞նք եոկայի իմաստութիւնը ներմուծել` տեսնելու եւ տեսնուելու անմիջականութենէն անջատուելու քաջութեամբ:

Այս ընթացքի որդեգրումով, թերեւս, քաղաքականութիւնը կը դառնայ միտքի եւ յառաջդիմութեան իսկական ուժականութիւն:

Ձայնը, պատկերը, կարգախօսը, զանգուածին հրամցուող կաղապարուած խօսքը, անգրագէտներու գրքունակ բարբաջանքները քաղաքական միտքի պիտակին տակ կը վերածուին դիւանակալութեան եւ կամ նախախնամութեան (անցնող դարու վկայութիւնները պէտք է յիշել. ժողովուրդներու հայր Ստալինը, Իտի Ամին Տատան, Պոքասան): Այսպէս է, որ քաղաքակրթութիւնները կը փակեն իրենց հոլովոյթի օղակը եւ կ’ընթանան դէպի ինքնաքանդում:

Այս անկապ թուացող մտածումները յաւակնութիւնը չունին աշխարհի հարցերը լուծելու: Բայց հրաւէր են մեր մանրուքներէն եւ ճահճացումներէն անդին անցնելու, որպէսզի տոկալու եւ տեւելու մեր ընթացքը մեր յանցանքով չկասի:

Ժամանակն է որ Պղատոնի նկարագրած քարայրէն դուրս գանք… եւ մտածենք, ապա ըստ այնմ գործենք:

Այս վերաբերումը ոչ մտքի մարզանք է եւ ոչ ալ` սրահ յուզող պերճանք:

 

13 նոյեմբեր 2013, Պուրճ Համուտ

 

 

Share this Article
CATEGORIES