Ռոպերթօ Պաճիօ Կրնայ Նշանակուիլ Պոլոնիայի Մարզիչ

baggioԻտալացի անուանի նախկին ֆութպոլիստ Ռոպերթօ Պաճիօ շատ հաւանաբար նշանակուի «Սերի-Ա.»-ի խումբերէն Պոլոնիայի մարզիչ, կը յայտնէ իտալական «Լա Կազեթթա Տելլօ Սփոր» մարզական հանրածանօթ օրաթերթը:

Ակումբին պատասխանատուները դժգոհ են այժմու մարզիչ Սթեֆանօ Փիոլիէն եւ կը մտադրեն մօտիկ ապագային պաշտօնանկ ընել իրենց գլխաւոր մարզիչը:

Թեկնածուներուն կարգին է Ռոպերթօ Պաճիօ, որ 1987-1988 տարեշրջանին ելոյթ ունեցած է Պոլոնիայէն եւ 30 մրցումի ընթացքին նշանակած 22 կոլ:

Կը խօսուի նաեւ Ճիանֆրանքօ Ցոլայի մասին:

Share this Article
CATEGORIES