Արտակ Տաշեան Կը Հեռանայ Գանձասարէն

Արտակ Տաշեան (ձախին)
Գանձասար Կապանի յառաջապահ Արտակ Տաշեան պիտի հեռանայ խումբէն, յայտնեց գործադիր տնօրէն Վլատիկ Առաքելեան` իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին:
«Տաշեան վերջերս փորձառական շրջան մը կ՛անցընէ Պահրէյնի մէջ: Ան կը փափաքի ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել հոն: Մենք ատոր մէջ որեւէ արգելք չենք տեսներ եւ անոր հոն մեկնումը չենք խոչընդոտեր: Շուտով անոր հետ մեր ունեցած պայմանագրութիւնը պիտի խզենք» ըսաւ Առաքելեան:
Նշենք, որ Տաշեան տարեսկիզբին Բանանցէն տեղափոխուեցաւ Գանձասար, որուն հետ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ընթացիկ ախոյեանութեան նշանակեց 7 կոլ եւ կոլսքորըրներու ընդանուր դասաւորման մէջ Միհրան Մանասեանի հետ կը գրաւէ 3-րդ դիրքը:
CATEGORIES Մարզական

