Պեքհամ Կրնայ Վերադառնալ Ֆութպոլի Դաշտերը
Պոլիվիական Պոլիվար ակումբը, որ կը պատկանի միլիառատէր Մարսելօ Քլաուրէին, մտադիր է հսկայական գումար մը առաջարկել անգլիացի հանրածանօթ ֆութպոլիստ Տէյվիտ Պեքհամին, որ այս տարուան ամրան աւարտեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը:
Footballfancast.com կայքէջին համաձայն, պոլիվիացի միլիառատէրը կը հաւատայ, որ ինք կրնայ համոզել Պեքհամը` կարճ ժամանակի համար վերադառնալու ֆութպոլի դաշտերը եւ իր վարպետութիւնը ցուցադրելու Լատինամերիկեան երկրի ախոյեանութեան մրցումներուն:
Կը նշուի նաեւ, որ Քլաուրէն ընկերական յարաբերութիւններ ունենալով Պեքհամի հետ, կրնայ յաջողիլ նման հեռանկարի իրագործման համար, կ՛եզրափակէ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը:
CATEGORIES Մարզական

