Աշխարհի Ակումբներու Ախոյեանութիւն. Պայէրն Միւնիխ Տիրացաւ Տիտղոսին
Նախորդ շաբաթավերջին Մարոքի մէջ աւարտեցաւ աշխարհի ակումբներու ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը Եւրոպայի ախոյեան Պայէրն Միւնիխի եւ մրցաշարքը հիւրընկալող երկրի ախոյեանին` Ռաճա Քազապլանքայի միջեւ:
Պայէրն Միւնիխ իր պատմութեան մէջ երրորդ անգամ ըլլալով տիրացաւ տիտղոսին (նախապէս` 1976-ին եւ 2001-ին), երբ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Գերմանական կազմին կոլերը նշանակեցին Տանթէ (7-րդ) եւ Թիակօ Ալքանթարա (22-րդ):
Աւարտականի այս մրցումէն ետք, Պայէրն Միւնիխի ֆրանսացի մարզիկ Ֆրանք Ռիպերի ընտրուեցաւ մրցաշարքին լաւագոյն ֆութպոլիստը:
CATEGORIES Մարզական

