Ճատրակ. Աշխարհի Պատանիներու Ախոյեանութիւն. 4-րդ Հանգրուան. Հայրենի Խաղացողներուն Արձանագրած Արդիւնքները

world_youthԻնչպէս ծանօթ է, հինգ օր առաջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Այն քաղաքին մէջ սկսաւ աշխարհի ճատրակի պատանիներու ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան` 28 խաղացողներով:

10 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, Հայաստանէն Մամիկոն Ղարիպեան ցարդ ապահոված է առաւելագոյն 5 կէտը եւ կը գրաւէ 4-րդ դիրքը:

12 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, Արամ Յակոբեան 4,5 կէտով կը գրաւէ 3-րդ դիրքը:

Իր կարգին, 4,5 կէտ ապահոված է Յովհաննէս Կապուզեան, որ այժմ 18 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ կը գրաւէ առաջին դիրքը:

Իսկ 16 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Անի Յարութիւնեան 4,5 կէտով կը գրաւէ 4-րդ դիրքը:

 

Share this Article
CATEGORIES