ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆԸ

Նախագահ Սլէյման եւ նախարար Սապունճեան

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ կէսօրէ ետք նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեանը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ճարտարարուեստի նախարարութեան վերաբերող շարք մը հարցեր եւ անոնց յարմարագոյն լուծման հեռանկարները:

 

Share this Article
CATEGORIES