50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 22 ՅՈՒՆԻՍ 1961 )
«ԱՀՐԱՄ» ԹԵՐԹԸ
ՀՄԸՄ-Ի ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ ՄԱՍԻՆ
Գահիրէի «Ահրամ» թերթը իր 16 մայիսի թիւին մէջ կը գրէ.-
Երէկ վերջ գտաւ Եգիպտոս նահանգի հայ գաղութին աթլեթիք մրցումներու փառատօնը, «Նասիոնալ»ի մարզադաշտին վրայ, մարզիկներու տողանցքով մը, որուն կը մասնակցէին նաեւ Սուրիա նահանգի եւ Լիբանանի ՀՄԸՄ-ի մարզիկները:
Ուղերձի մը մէջ անոնք հաւատարմութեան ուխտը վերանորոգեցին Ա. Մ. Հանրապետութեան հանդէպ` նախագահութեանը տակ նախագահ Կամալ Ապտել Նասըրի:
Մրցումներուն մակարդակը եւ արդիւնքները լաւ էին եւ մասնակցողները գեղեցիկ պայքար մը մղեցին` առաւելագոյն արդիւնքը ձեռք բերելու համար:
ՀՄԸՄ-Ի ՀԻՄՆԱԴԻՐ
ՃԻԶՄԵՃԵԱՆԻ ՇԻՐԻՄԸ
«Յուսաբեր»ի մէջ կը կարդանք.-
Երէկ` երկուշաբթի, 15 մայիս, կ. ե. ժամը 5:00-ին, Լիբանանի եւ Սուրիա նահանգի ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան անդամները, Հելիոպոլսոյ Ամենայն Սրբոց գերեզմանատան մէջ այցելեցին ՀՄԸՄ-ի հիմնադիր-վեթերան Հայկ Ճիզմեճեանի հողակոյտը եւ ծաղկեպսակ դրին:
Այս առիթով տեսակցած են նաեւ ողբացեալ վեթերանին քրոջ հետ եւ տրամադրութիւն յայտնած են վաստակաւոր ՀՄԸՄ-ականին շիրիմը կանգնելու` Շրջանային վարչութեան միջոցներով, յարգանքի իրենց սրտաբուխ տուրքը տալու համար անոր գործին ու յիշատակին:
ՊԷՅՐՈՒԹԷՆ ՄԵԿՆՈՂ ՌՈՒՄԱՆԱՀԱՅԵՐԸ
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԸՆԴՈՒՆՈՒԵՑԱՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ
Նիւ Եորքի մեր թղթակիցը` Լեւոն Քէշիշեան հետեւեալ մանրամասնութիւնները կը հաղորդէ ռումանահայ գաղթականներու Նիւ Եորք ժամանման առթիւ.-
Երկուշաբթի իրիկուն, ժամը 9:00-ին, «Փրեզիտենթ էրլայն» օդանաւով այստեղ հասան 96 հայ տարագիրներ, Պէյրութէն (Լիբանան):
Նորեկները դիմաւորելու համար Սան Ֆրանսիսքոյէն յատկապէս եկած էին «Անչա»ի նախագահ Ճորճ Մարտիկեան եւ փոխնախագահ Սուրէն Սարոյեան, որոնք դիմաւորեցին զանոնք օդակայանը: ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Ա. Փափազեան եւ Զապէլ Սերոբեան, նոյնպէս օդակայան եկած էին:
Գաղթային սպասարկութիւնը նորեկներուն օգտակար ըլլալու համար, բերած էր հայախօս պաշտօնեայ մը` Պերճուհի Աւագեանը, Ալպընիէն: Եկած էին նաեւ բազմաթիւ լրագրողներ եւ լուսանկարիչներ, որոնք տեսակցութիւններ ունեցան լրագրողներուն հետ:
«Անչա»ն մասնաւոր աշխատանք կատարած էր նորեկներու այս նոր փոխադրութեան համար, եւ իր նախագահ Ճորճ Մարտիկեան բարի գալուստ մաղթեց անոնց` այս ազատ եւ մեծ երկրին մէջ նոր կեանք մը սկսելու բարեմաղթութեամբ:
Նորեկներու կողմէ շնորհակալութեան խօսք ըսաւ ծանօթ մտաւորական Ս. Սարունի:
Այսօր հացկերոյթ մը պիտի տրուի նորեկներուն, Ս. Գ. Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցիին մէջ, եւ ապա անոնք պիտի մեկնին իրենց նախընտրած վայրերը:
Ուրիշ հայ տարագիրներ եւս պիտի գան այս երկիրը:
Աւելի մանրամասնութիւններ` առանձին թղթակցութեամբ:
ՏՈՔԹ. Վ. ԹԱՇՃԵԱՆԻ
ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ
Մայիս 19-ին Ֆիլատելֆիոյ (Ամերիկա) Հայ ազգային սրահին մէջ տեղի ունեցած է դասախօսական հաւաքոյթ մը: Դասախօսած է բժիշկ Վահագն Թաշճեան, որ մօտ մէկ ժամ տեւող իր խնամուած դասախօսութեամբ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուցած է «Սրտի հիւանդութեան կանխազգուշական միջոցներու մասին» գիտական ուսումնասիրութիւններ եւ ծանօթութիւններ:
Ներկաները ժամ մը ուշի ուշով հետեւած են դասախօսութեան եւ` փափաք յայտնած, որ յաճախ տեղի ունենան նման օգտաշատ դասախօսութիւններ:
ՊԱՍՐԱՅԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆ
Յունիս 4-ին Պասրայի հայոց Ս. Աստուածածին եկեղեցիին մէջ Ս. պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուած է իրաքահայ բարերար Սիմոն Ղարիպեանի մահուան քառասունքին առթիւ: Խորէն քհն. Գասապեան իր քարոզին մէջ անդրադարձած է մեծ բարերարի կեանքին ու գործին:
Պասրայէն կը գրեն մեզի, թէ եկեղեցին դպրապետ չունի. վարժ դպիրներ ու դպրուհիներ կիրակի օրեր կու գան ու կը սպասաւորեն եկեղեցւոյ:
Մեր թղթակիցը կը յայտնէ նաեւ, որ Պասրայի եկեղեցիին մէջ առաջին անգամ ըլլալով պատարագի ընթացքին յիշատակուած է Երուսաղէմի պատրիարքին անունը:

