Զարաքօլու Խիղճի Պարտք Կը Նկատէ «Վկայութիւններ»-Ու Թրքերէնով Հրատարակումը
«ՓԱՆՈՐԱՄԱ»
«Այս մէկը խիղճի հարց է: Չեմ կրնար խիղճս անտեսել ու անոր դէմ քայլերու դիմել», ըսած է թրքական «Պելկէ» հրատարակչութեան հիմնադիր-տնօրէն, յայտնի իրաւապաշտպան Ռակըպ Զարաքօլու` պատասխանելով հայ լրագրողի այն հարցումին, թէ արդեօք չի՞ վախնար Վերժինէ Սվազլեանի «Հայոց ցեղասպանութիւն. ականատես վերապրողների վկայութիւններ» գիրքը հրատարակելէ եւ Հայաստանի մէջ անոր շնորհանդէսին մասնակցելէ ետք Թուրքիա վերադառնալէ:
Զարաքօլու երեքշաբթի, դեկտեմբեր 10-ին ժամանած էր Երեւան, Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ գիրքի շնորհանդէսին մասնակցելու համար: Բանագէտ, բանահաւաք, ցեղասպանագէտ բանասիրական գիտութիւններու տոքթ. Վերժինէ Սվազլեանի նշեալ գիրքը լոյս տեսած էր 2011-ին` հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով: Գիրքը թարգմանուած է նաեւ թրքերէնի եւ Զարաքօլուի կողմէ հրատարակուած` (1500 տպաքանակով) այս տարի:
«Ռակըպ Զարաքօլուին ասացի, որ իր համար այս նախաձեռնութիւնը վտանգաւոր է լինելու: Նա էլ պատասխանեց, թող (բանտ) նստեցնեն ինձ, բայց կարեւորն այն է, որ գիրքն արդէն տպուած կը լինի», լրագրողներուն ըսած է Սվազլեան` յիշեցնելով, որ թրքական «Թարաֆ» թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ Զարաքօլու ըսած է, որ այս գիրքով ներկայացուած է ոչ միայն հայ ժողովուրդին, այլ նաեւ թուրք ժողովուրդին պատմութիւնը:
Զարաքօլուի կարծիքով, թրքական իշխանութիւնները չեն յանդգնիր իր նկատմամբ որեւէ քայլ իրականացնել` այս գիրքը հրատարակելուն համար:
«Նախապէս եւս տպած ենք նման գիրքեր: Ժամանակը ցոյց տուաւ, որ իրենց փորձերն անյաջողութեան կը մատնուին: Թուրքիոյ իշխանական խաւը կ՛ուզէ մեզի նմանները լռեցնել», ըսած է ան` յիշեցնելով, թէ իր գործունէութեան համար տակաւին կը հետապնդուի թրքական իշխանութիւններուն կողմէ եւ իր հերթական դատական նիստը պիտի կայանայ այս հինգշաբթի: Անոր որդին արդէն իսկ երկու տարի է, որ բանտարկուած կը մնայ:
«Թուրքիոյ իշխանութիւններուն պարտադրած պաշտօնական պատմութեան ընկալումը քանդուեցաւ մտաւորականութեան կողմէ, եւ սառոյցը կը հալի: Օրէ օր կ՛աւելնայ թիւը այն մարդոց, որոնք ճշմարտութեան ճանապարհը բռնած են, կը փնտռեն այդ ճանապարհը», ըսաւ թուրք իրաւապաշտպանը:
«Սվազլեանին անունը ծանօթ է թուրք հասարակութեան: Անոր այլ գիրքերը թարգմանուած են թրքերէնի եւ անոնք պատուանդան պիտի դառնան այս նոր գիրքին համար, որ պիտի կանգնի իբրեւ արձան` այդ պատուանդանին վրայ: Գիրքին մէջ կան անառարկելի փաստարկներ, զորս հասարակութիւնը պիտի սկսի քննելու», աւելցուց ան:
Սվազլեանի կարծիքով, գիրքին թրքերէն տարբերակը նշանակալի դեր պիտի կատարէ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ:
ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան այս առթիւ նշեց, որ հաստափոր գիրքին վրայ թրքերէնով գրուած «ցեղասպանութիւն» բառը յեղափոխում կրնայ մտցնել թուրքերու մտածողութեան մէջ:
«Թուրքերէն տարբերակում ոչինչ փոխուած չէ: Կարեւոր է, որ տեղանունները նոյնպէս փոխուած չեն: Իր կատարած ահռելի աշխատանքով Ռակըպ Զարաքօլուն մեզ ստիպեց փոխել մեր պատկերացումները թուրքի վերաբերեալ», ըսած է Մելքոնեան:

