Հայ-Թրքական Կնճիռի Մետալին Միւս` Լրացուցիչ Երեսը. Ռուսիան Եւ Հայ Դատը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Հաւանաբար միայն պարզ զուգադիպութիւն է, որ Դաշնակցային Ռուսիոյ նախագահ Փութինի Հայաստան կատարած բարձրաշուք այցէն օրեր ետք, դեկտեմբեր 12-ին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլու կը ժամանէ Երեւան` մասնակցելու համար Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան խորհուրդի հերթական խորհրդաժողովին:

Բայց պարզ զուգադիպութիւններն ալ երբեմն բաւարար կ՛ըլլան, որպէսզի լուսարձակի տակ առնեն խորքային նշանակալից խնդիրներ:

Այս պարագային խօսքը կը վերաբերի Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի քաղաքական ու պետական լինելութիւնը յուզող առանցքային հարցին, որ կը խտանայ «թրքական սալին եւ ռուսական մուրճ»-ին միջեւ մեր անկախութեան սեփական` ազգայի՛ն ռազմավարութեան ուղին հարթելու կողմնորոշման մէջ:

Անվիճելի ու բացայայտ իրողութիւն է, որ թուրք թէ ռուս մեծապետական շահագրգռութիւնները եւ Հայաստանի վրայ անոնց վճռորոշ անդրադարձը հաշուի առնելու հրամայականը, արդէն աւելի քան երեք դարէ ի վեր, իրենց տրամաբանութիւնը կը պարտադրեն հայ քաղաքական մտքին:

Թերեւս այդքա՜ն հեռուները ետ երթալու եւ պատմութեան խորերը հետազօտելու կարիքը այս պահուն չկայ` հաստատելու համար, որ հայ-թրքական կնճիռին այս աստիճան բարդացման մէջ կարեւորագոյն նշանակութիւն ունեցած է ռուսական գործօնին դերակատարութիւնը:

Կը բաւէ աչքի առջեւ բերել 1915-1921 երկարած ժամանակաշրջանի դարակազմիկ վերիվայրումները, որպէսզի ամենայն յստակութեամբ տեսանելի դառնայ հայ-թրքական կնճիռի մետալին միւս` լրացուցիչ երեսը, որ Ռուսիոյ դիրքորոշումն է Հայ դատին նկատմամբ:

Առանց ռուսական գործօնի, յատկապէս Հայ դատին նկատմամբ ռուս պետական քաղաքականութեան նկատառման, սպառիչ չեն կրնար ըլլալ բացատրութիւնն ու քաղաքական գնահատականը` 1) Հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան եւ բուն Հայաստանի հայաթափման ու բռնագրաւումին, 2) Արհաւիրքին հետեւած Արեւմտահայաստանի ազատագրումին` ռուսական զօրքերուն եւ հայ կամաւորական ջոկատներուն կողմէ, 3) Լենինեան Ռուսիոյ արձակած «տուն դարձ»-ի կոչին անսալով` ռազմաճակատներէն ռուսական զօրքերու անփառունակ հեռացումին, որուն պատճառով ցեղասպանը հայութեան դէմ ձեռնարկեց իր վերջնական հարուածը տալու գրոհին, 4) Հայաստանի անկախութեան նուաճումին եւ հայոց պետականութեան կերտումին, 5) Երկուքուկէս տարեկան Հայաստանի Հանրապետութեան խորտակումին` «թրքական սալին եւ ռուսական մուրճին միջեւ»:

Պատմական զարգացումի այս պաստառին վրայ, յատկապէս մեր օրերուն ուշագրաւ է այն իրողութիւնը, որ հայ-թրքական կնճիռը իր մետալին զոյգ երեսներով քաղաքական հրատապ նշանակութիւն ստացած է Արցախի իրողական ազատագրութեան խորապատկերով:

Արցախի ազատագրական պայքարը ոչ միայն շղթայազերծեց պատմական անարդարութիւնը սրբագրելու կոչուած` իրաւատէր հայութեան համազգային վերականգնումի յաղթարշաւը, այլեւ ապահովեց Հայ դատի մինչ այդ սփիւռքեան պայքարին այնքան կենսական հայրենացման ամուր հողը:

Սփիւռքի տարածքին, 1970-ականներու կէսէն սկսեալ, միջազգային եւ այժմէական հնչեղութիւն ստացած Հայ դատի ուժական պայքարը դիմագրաւելու դժուարութեան մատնուած թրքական պետութիւնը ամէն միջոցի դիմեց, նոյնիսկ մեր ժամանակներու համաշխարհայնացման ոգիին պարտադրած պարտաւորութիւնները ոտնակոխեց, որպէսզի կարենար Հայաստանի շրջափակումով տնտեսապէս շնչահեղձ դարձնել եւ անձնատուութիւն պարտադրել վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան, նոյնպէս եւ` ազատագրեալ Արցախին:

Այսպէս կոչուած` Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը, օրինակի համար, եղաւ Թուրքիոյ շնորհուած միջազգային այն նպաստաւոր դաշտը, ուր Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդը իր անցեալի մեղքերը պիտի կարենար քաւել` անմիջական դրացիներուն հետ նոր ժամանակներու ոգիով «բնականոն յարաբերութիւններ» հաստատելով, յատկապէս` տնտեսական իր ազդեցութեան գօտին շուկայական մրցակցութեան հունով ընդլայնելով:

Բայց Անգարա չուզեց ձերբազատիլ իր «օսմանեան ժառանգութենէն» եւ Հայ դատի նորօրեայ կռուանին` վերանկախացեալ Հայաստանի հաւանական «նկրտումներ»-ը սանձելու ռազմավարութեամբ, տնտեսական շրջափակման միջոցով փորձեց եւ կը շարունակէ ձեռնթափութիւն պարտադրել Հայաստանին ու անոր շուրջ բոլորուած սփիւռքին:

Իր կարգին, Խորհրդային Միութեան վերջին օրերուն թէ՛ Դաշնակցային Ռուսիոյ հունաւորման առաջին քայլերէն սկսեալ, ռուս պետական քաղաքականութիւնը իր աւանդական ոճով մէկ ձեռքով խրախուսեց Արցախի ազատագրումը, իսկ միւս ձեռքով պարտադրեց հայկական զոյգ հանրապետութեանց, որ իրենց ոտքերը երկարեն… ռուսական վերմակին համաձայն:

Պարզ խօսքով, ահա քառորդ դար է, որ ռուս պետական քաղաքականութիւնը Արցախի եւ Հայաստանի մէջ կը տեսնէ էապէս մեծապետական ուժի իր ռազմավարութեան ծառայող շահաւէտ լծակից-գործընկեր մը, որուն ազատութեան եւ անկախութեան քայլերը չեն կրնար անդին անցնիլ ռուսական շահերով ճշդուած «վերմակ»-ին սահմաններէն…

Պատահականութեան պատճառով չէ, որ օրեր առաջ նախագահ Փութինի Երեւան այցը յագեցած էր այսպէս կոչուած` Մաքսային միութեան պայմանագրի ընձեռած «լայն հնարաւորութիւններ»-ը գովազդելու բուռն ճիգով: Ռուս պետական քաղաքականութեան աչքին` Հայաստանը իր գոյութեան իմաստը կ՛արդարացնէ, երբ իբրեւ տնտեսական յաղթաթուղթի իր աշխուժ դերակատարութիւնը կը ստանձնէ ռուսական եւ միջինարեւելեան շուկաներու մերձեցման ուղղութեամբ:

Պէտք չէ զարմանալ նաեւ վաղը, երբ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլու, Երեւան ժամանելով` Հայաստանին ու հայութեան «հրամցնէ» տնտեսական փոխշահաւէտ գործակցութեան նոյնքան «գրաւիչ» խայծեր, ինչպիսին ռուսականներն են…

Մտահոգիչը այն է, որ նոյնիսկ հայեւթուրք արձանագրութեանց դառն բաժակը ճաշակելէ ետք, Հայաստանի իշխանութիւնները տակաւին կը փայփայեն տնտեսական ու քաղաքական առաջնահերթութիւնները իրարմէ զատելու, իբրեւ տարբեր «կատեգորիաներ» ընկալելու պատրանքը:

Պարզապէս ինքնախաբէութիւն է մտածել, որ տնտեսական մերձեցման ճամբով կարելի է քաղաքական մերձեցման հասնիլ…

Հայ-թրքական կնճիռը ամէն բանէ առաջ եւ վեր կը պահանջէ քաղաքական արդար հատուցման վրայ հիմնուած լուծում, որուն կտրականապէս դէմ է թրքական պետութիւնը նաեւ այսօր, իսկ Ռուսիա դեռ չէ թօթափած Հայ դատին նկատմամբ իր ժառանգած մեծապետական մօտեցումը, որ հացի դիմաց իրաւունքէ հրաժարում կը սպասէ իր լծակից-գործընկերներէն:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES