Հաղորդագրութիւն

Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ թաղականութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ տէր եւ տիկին Սարգիս Պուտագեանին, որ սիրայօժար ընդառաջեց մեր առաջարկին եւ յանձն առաւ եկեղեցւոյ ընդհանուր վերանորոգումը:

Եկեղեցւոյ բարենորոգումը կատարուեցաւ ի յիշատակ իբրեւ թաղականութեան ժրաջան անդամ երկար տարիներ եկեղեցւոյ ծառայած Սարգիս Պուտագեանի հօր` Մինաս Պուտագեանին:

Նման նուիրատուներու շնորհիւ է, որ մեր եկեղեցիները կը բարեզարդուին, կը նորոգուին եւ վերանորոգ թափով կը շարունակեն իրենց  կրօնական եւ ազգային առաքելութիւնը:

ՍՈՒՐԲ ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Share this Article
CATEGORIES