Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն – «Ֆայնըլ-Էյթ». Սատաքա, Պէյրութի Դրամատունը, Լիբանանեան Բանակը Եւ Ղըպէյրի` Յաղթական
Նախորդ շաբաթավերջին սկսան Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «Ֆայնըլ-էյթ»-ի մրցումները, որոնց ընթացքին յաղթանակներ արձանագրեցին Սատաքա, Պէյրութի դրամատունը, Լիբանանեան բանակը եւ Ղըպէյրի:
Ախոյեան Սատաքա դիւրութեամբ յաղթեց Ֆայհա Թրիփոլիի` 6-2 արդիւնքով:
Հանգիստ յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Պէյրութի դրամատունը, որ 5-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց «Էյ. Եու. Սի. Ի.»-ն:
Լիբանանեան բանակը փենալթիներով միայն (4-2) յաջողեցաւ յաղթել Սեն Ժոզեֆի` նկատի ունենալով, որ մրցումը աւարտեցաւ 2-2 արդիւնքով:
Վերջապէս, Ղըպէյրի 5-0 արդիւնքով յաղթեց Շուէյֆաթի:
CATEGORIES Մարզական

