«Հակառակ Շարունակուող Տագնապներուն, Քաթարի Դէմ Թշնամութիւն Չունինք, Սակայն Համբերութիւնը Չափ Ու Սահման Ունի» Ըսաւ Ֆահմի

Նեպիլ Ֆահմի

Նեպիլ Ֆահմի

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Նեպիլ Ֆահմի յայտնեց, որ «հակառակ շարունակուող հարցերուն եւ տագնապներուն, Քաթարի դէմ թշնամութիւն չունինք. արաբական հասարակաց ինքնութիւնը անոր նկատմամբ համբերութեան գլխաւոր պատճառներէն մէկն է, սակայն համբերութիւնը չափ ու սահման ունի»:

Եգիպտական դիւանագիտութեան պետը պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիոյ դեսպանին Եգիպտոսէն մեկնիլը Անգարայի հետ յարաբերութեան խզում չի նշանակեր` աւելցնելով, որ վերջերս կատարուած թրքական ջանքերուն նպատակը եգիպտական շահերուն վնասելն է: Ան նշեց, որ կարելի է երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները վերականգնել, երբ հարցը չքանայ:

Ան հերքեց, թէ կարգ մը երկիրներ Եգիպտոսէն պահանջած են Իրանի հետ յարաբերութիւններ չհաստատել: «Իրանի հետ յարաբերութեանց վերականգնման մասին խօսելու ատեն Եգիպտոսի հետ սէուտական յարաբերութիւնները նկատի կ՛ունենանք, սակայն Սէուտական Արաբիան մեզմէ Իրանի հետ կապ չհաստատել չպահանջեց»:

Share this Article
CATEGORIES